ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու փոխ-ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեանը։ Այս առթիւ անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեցին յայտնի լեզուաբան Յակոբ Մարթաեան-Տիլաչարի «Աթաթիւրքէն յիշատակներ» գիրքէն օրինակ մը։ Այս գործը թէ՛ հայերէն եւ թէ թրքերէն տարբերակներով վերջերս հրատարակուած է հիմնարկին կողմէ։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը վերյիշեց Յակոբ Մարթաեանի անուրանալի վաստակն ու դերակատարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021