ԲԱՐԻՆ ՑԱՆԵՆՔ, ԲԱՐԻՔ ՀՆՁԵՆՔ - Բ.

«Գիտցի՛ր, ողորմութիւն տալը արուեստ մըն է: Եւ բոլոր արուեստներէն գերազանց, որ փրկելով դժոխքէն, կը պարգեւէ արքայութիւն» (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի):

Օժանդակութեան մեծն ու պզտիկը չ՚ըլլար: Ի սրտէ կատարուած ողորմածութիւնը մեծ աշխատանք մըն է: Ես երկար տարիներ սպասեցի, որպէսզի իմ նւթական միջոցները ներեն ինծի ընտանիքի մը օգնելու համար: Սպասեցի եւ մնացի սպասելով: Յիրաւի, իմ կեանքի որակը բարձրացաւ: Այսօր իմ ընտանիքը կրնայ աւելին տալ ուրիշներու: Սակայն այս ճանապարհին կարեւոր յայտնագործութիւն մը ըրի. մարդուս աչքը ծակ է, երբեք չի կշտանար: Որքան շատ գումար ունենաս, միեւնոյնն է, աւելիին կը ձգտիս, աւելին կ՚ուզես: Որքան շատ վաստակիս, փափաքներդ այնքան կը բազմանան:

Իմ բառերու հաւաստիութիւնը ես զգացի իմ սեփական մաշկի վրայ: Աստուծոյ ողորմածութեամբ ընտանիքս սկսաւ բաւականաչափ վաստակելու: Միեւնոյն ժամանակ սկսան աճիլ մեր ընտանիքի ծախսերը: Բարեգործութեան միտքը ամէն անգամ կը մղուէր ապագայ ծրագիրներու կարգին: Որքան կը յետաձգէի այդ միտքը, այնքան այն կը ծանրանար ու կը սկսէր տանջել զիս: Կը գիտակցէի ինքզինքիս հանդէպ իմ անազնուութիւնը. խոստացայ, սակայն չեմ հետապնդեր անոր իրականացումը: Աստուած ինծի շնորհեց բարեկեցիկ կեանք, հանապազօրեայ հաց, տանիք, տաքուկ անկիւն, սակայն կարծես բարւոք պայմանները իմ հոգիի խորքին կը քնացնեն իմ մէջ ապրող ողորմածը. «Արեւի՛կ, շտապէ հետամուտ ըլլալ քու խոստումիդ, քու փափաքիդ: Այսօրուան գործդ վաղուան մի՛ ձգեր»:

Այս ամիս մեր միջոցները չեն ներեր... այս պատճառաբանութիւնը սկսաւ երկարիլ: Ամիսը դարձաւ տարիներ...

Կիւմրեցի ընտանիքի մը պատմութիւնը զիս շատ յուզեց: Երկու տարեկան փոքրիկ աղջնակ մը անշուք ու տարրական պայմաններէ զուրկ տնակի մը մէջ կը բնակի՝ իր մեծ մայրիկին ու մայրիկին հետ: Ընտանիքը կը գտնուի նիւթական ծանր պայմաններու մէջ: Փոքրիկի մայրիկի սիրտը հիւանդ է: Ունի շտապ վիրահատութեան կարիք: Վիրահատութեան գինը շատ բարձր է՝ 10 հազար տոլար: Ընտանիքը ոչ մէկ կերպով կրնայ հայթայթել այդ գումարը: Բաց աստի, ընտանիքը ունի հանապազօրեայ հացի խնդիր: Թոշակառու մեծ մայրիկը կը խնամէ թէ՛ դուստը եւ թէ՛ թոռնիկը: Երկուքն ալ ունին խնամքի կարիք: Ընտանիքը իր գոյութիւնը հազիւ կը պահպանէ ամսական 23 հազար 500 դրամ թոշակով: Ամսական ընդամէնը 60 տոլար: Այսօր ո՞վ կրնայ ամիս մը ապրիլ, ընտանիք, փոքրիկ երեխայ պահել 60 տոլարով: Ոչ մէկը: Պարզապէս անկարելի է:

Փողոցի մէջ մարդ մը կը տեսնէ մերկ երեխայ մը: Երեխան կը դողար ցուրտէն եւ շատ քաղցած էր: Մարդը բարկութեամբ կը դիմէ Աստուծոյ.

-Տէր իմ, ինչո՞ւ թոյլ կու տաս, որ այսպէս ըլլայ: Ինչո՞ւ ոչինչ կը ձեռնարկես:

Եւ Աստուած ոչինչ պատասխանեց: Սակայն գիշերը յանկարծ լսուեցաւ ձայնը Անոր, որ ըսաւ.

-Ես ինչ-որ բան ձեռնարկած էի՝ քեզի ուղարկած էի...

Դրամ չունիս, չեղածէն պիտի ընես: Քու պարտքն է: Պրատաւոր ես: Հաց ունիս, հացդ պիտի կիսես չունեցողի հետ: Ամիս մը առաջ այս գաղափարը որդեգրեցի եւ անցայ գործի: Չեղածէն բաժին հանեցի կիւմրեցի փոքրիկի ընտանիքին: Փոքրիկ հանգանակութեամբ գնուած ուտելիքներու պաշարը գրեթէ ամիս մը կուշտ պիտի պահէ ընտանիք մը: Ասկէ մեծ ուրախութիւն չկայ: Մեծ սիրով կատարեցի առեւտուր եւ յանձնեցի փոքրիկի ընտանիքին, վստահեցնելով, որ Աստուծոյ կամօք այդ մէկը պիտի ունենայ ամէնամսեայ շարունակական բնոյթ:

Իմ փափաքը միշտ եղած է օգնել Արցախի մէջ բնակող անապահով ընտանիքներուն, սակայն, մեր առաջին օգնութիւնը հասաւ կիւմրեցի ընտանիքին: Մենք հնարաւորութիւն ունինք «Սերունդ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցաւ օգտակար ըլլալու նաեւ Արցախին:

Այս հիմնադրամի նպատակն է ծնելիութեան խթանմամբ հասնիլ մեզի համար անհաւանական թուացող բնակչութեան թիւի աճին: Հայ մարդու բնութագրի խորհրդանիշ դարձնել բազմազաւակութիւնը: Ամէն գնով պահպանել սերնդագոծութեան ֆոնտը: Բերել նոր յոյս, լաւատեսութիւն եւ հզօր ապագայ ունենալու իրական հնարաւորութիւն: Գունաւորել ապագայի մասին պատկերացումները մեր հայրենակիցներու եւ աշխարհասփիւռ հայերու մտքերուն մէջ:

Հիմնադրամը կը նախատեսէ իր բարեգործութեան սկսիլ Արցախի համեմատաբար փոքրաթիւ ու սահմանապահ բնակավայրերէն: Իւրաքանչիւր նոր ծնած երեխային տրամադրելով ամսական 50 հազար դրամ, որ համարժէք է 70 տոլարի, 16 տարի, ութ ամիս ժամկէտով: Արցախի Չարեքթար ու Եղծահող գիւղերը հիմնադրամի կողմէ ընտրուած առաջին համայնքներն են: Հիմնադրամը կը գործէ թափանցիկ ու անաչառ: Մեր ընտանիքը  նոյնպէս որոշած է ամէնամսեայ փոքրիկ հանգանակութեամբ մաս կազմել այս աստուածահաճոյ ձեռնարկին: Չէ՞ որ կաթիլ-կաթիլ ծով կ՚ըլլայ:

Սիրելի ընթերցող, եթէ դուք նոյնպէս կը կամենաք կատարել բարի գործ մը, ապա առաջին քայլը առէք մեր հայրենիքէն: Հայաստանն ու Արցախը ունին մեզմէ իւրաքանչիւրի օգնութեան, սիրոյ եւ ուշադրութեան կարիքը:

Թող Աստուած օրհնէ, պահէ եւ պահպանէ մեր երկու հայկական հանրապետութիւնները:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022