ԵՍ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾ

Ինչպէս յայտի է, հայկական երկու դրախտավայր գողտրիկ հանրապետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը շուրջ եօթանասուն տարի մաս կազմած էին Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւններու միութեան (ԽՍՀՄ)։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ գործող սահմանադրութեամբ՝ (52-րդ յօդուած) եկեղեցին պետութենէ անջատ հռչակուած էր։ Նպատակը մին էր՝ Աստուծոյ տունը հետզհետէ հասարակական կեանքէ դուրս բերել ու ի սպառ վերացնել։ Աստիճանաբար հաւատացեալները սկսան ենթարկուիլ բացայայտ հետապնդումի, ընկերային խտրականութիւններու։ Հաշուի առնելով ստեղծուած անելանելի պայմանները՝ հաւատացեալ ժողովուրդը ստիպուած էր ծածուկ պահել իր հաւատքն առ Աստուած։ Գաղտնի կ՚աղօթէր ու կը փառաբանէր ամենակարող Տիրոջն ու իւր միածին որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի։

Երկար տասնամեակներ շարունակ եկեղեցիներու դռները գոց էին Աստուծոյ զաւակներու առջեւ։ Քանի մը սերունդ ծնաւ, մեծցաւ, կրթուեցաւ ու դաստիարակուեցաւ առա՛նց մկրտութեան, առա՛նց զԱստուած ճանչնալու։ Աւա՜ղ բռնի իշխանապետութեան ստեղծած ալեկոծ պայմաններու բերումով՝ շատերը կորսնցուցին իրենց հաւատքը։ Թերահաւատները անհաւատ դարձան ու միայն իրական հաւատացեալներուն յաջողուեցաւ թէկուզ ծածուկ, սակայն անսասան ու անկոտրուն պահել իրենց հաւատքը ու հնարաւորինս փոխանցել գալիք սերունդներուն։

Այո՛, ճիշդ է, բռնակալները մեծաւ մասամբ կրցան հասնիլ իրենց բուն նպատակին՝ ամուր կղպանքով մէկընդմիշտ գոցել եկեղեցիներու դռները, ի սպառ լռեցնել զանգակներու հոգեթով ղօղանջները, մարդոց խօսակցականէն սրբել Աստուած բառը։ Լեզուին կրնա՛ս թելադրել, ստիպե՛լ յամրանալ, սակայն ինչպէ՞ս կրնաս հրամայել մարդու մտքին, սրտին ու հոգւոյն, ուր կը շարունակէ բնակիլ Բարձրեալը։ Իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի երկու եկեղեցի՝ տեսանելի ու անտեսանելի։ Ճարտարապետական զանազան չափորոշիչներով կառուցուած եկեղեցիներն են տեսանելիները, ուր իւրաքանչիւր մարդ կրնայ մուտք գործել։ Մինչդեռ անտեսանելիները՝ իրական սրբավայրերը կը գտնուին մեր հոգիներուն մէջ, ուր մշտապէս ներկայ է ինքը՝ ամենակարող Տէրը։ Ուստի կրնաս Աստուծոյ տան դռները բռնութեամբ գոցել, սակայն ոչ երբեք մարդու հոգւոյն խորքին տաճարինը։ Այսպէս եղաւ ԽՍՀՄ-ի ժամանակաշրջանին։ Մարդիկ մոռցան եկեղեցիներու ճամբան ու սկսան յաճախակի՝ առանց Տէրունական աղօթքը արտասանելու կապ հաստատել, աւելի ու աւելի ապաւինիլ իրենց ներքին ձայնին՝ Բարձրեալին։

Ընտանիքս անմասն չմնաց ստեղծուած իրավիճակէն։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս մայրս մշտապէս կը պնդէր, որ Աստուած կ՚ապրի ամէննուս մէջ։ Եկեղեցի երթալու կարիք չունիս, ան այլեւս մեր հոգիներուն մէջն է։ Ընտանիքիս պարագաներն ու մեր շրջապատը մեծ հաւատք ունէին առ Աստուած։ Անոնք ամէն օր կ՚աղօթէին իրենց սիրտէն բխած անկեղծ բառերով։ Իրենց աղօթքներուն մէջ չէին մոռնար շնորհակալ ըլլալ Տիրոջը։ Անոնցմէ ոչ մէկը մկրտուած է, պատկերացում ունեցած եկեղեցական տօներու մասին։

1991 թուականին ԽՍՀՄ փլուզուեցաւ։ Հայաստանն ու Արցախը անկախ հանրապետութիւններ հռչակուեցան։ Ամենակարող Տիրոջ տան դռները վերջապէս բացուեցան. զանգակները սկսան ղօղանջել։ Հայոց օրրանը կրկին օրհնուեցաւ։ Երկնակամարէն արեգակը լիայոյս սկսաւ ժպտիլ։ Ամենակարող Աստուած իր աջը պարզեց Նաիրեան աշխարհին վրայ։

Իմ ծնած օրուընէ սկսալ հետեւեալն էր հաւատքի, Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի վերաբերեալ ունեցած աղքատիկ գիտելիքներս. տարին քանի մը անգամ եկեղեցի կ՚այցելէինք՝ մոմ վառելով Բարձրեալին շնորհակալ ըլլալու կամ մեծագոյն փափաքդ իրականացնել աղերսելու նպատակաւ։

Ի՞նչ է Ս. Ծնունդը ու Ս. Զատիկը։ Ս. Ծնունդը Աստուծոյ միակ որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդն է, որ կը նշուի յունուարի 6-ին։ Ս. Զատիկն ալ՝ հաւկիթ ներկելու օր մըն է, զոր մենք՝ տղաքս շատ կը սիրէինք։ Ամէն տարի սա երկու կարեւոր տօներուն ընդառաջ հեռատեսիլով պարտադիր կը ցուցադրուէին Յիսուս Քրիստոսի մասին շարժանկարներ։ Բաց աստի, Արցախի հանրային հեռուստատեսութեամբ, որ օրուայ մէջ՝ երեկոյեան ժամերուն կը հեռարձակուէր ընդամէնը երկու կամ երեք ժամ, Ս. Ծնունդէն քանի մը շաբաթ առաջ կը ցուցադրուէր մանկութեանս ամենէն սիրելի ու անմոռանալի «Գիրգրոց» շարունակական գծաֆիլմը։ Գծաֆիլմը մաս առ մաս, պատկերաւոր ու հետաքրքրական ձեւով մը մանուկներուն կը ներկայացնէր «Մանկական Աստուածաշունչ»ը՝ Հին կտակարանը ամբողջականութեամբ։

Տարիներն անցան, մեծցայ…։

Դեռահասութեանս տաղտկալի շրջանը կ՚ապրէի։ Լի տրամադրութեան յաճախակի անկումներով, ինքնագնահատականի ցածրացմամբ ու նմանատիպ անդուլ զգացումներով։

Օր մը ինքնազգացողութիւնս անասելի վատթարացաւ։ Ես ինձմէ խռովցայ։ Հոգեկան հանգստութիւն ու բաւարարուածութիւն չէի կրնար գտնել։ Կարծես աշխարհը գլուխիս փուլ եկած ըլլայ։ Վերարկուս հագուեցայ ու տունէն դուրս ելայ։ Հոգիս վշտաբէկ, ներաշխարհս աւերուած՝ չեմ յիշեր, թէ ինչպէս ոտքերս զիս հասցուցին եկեղեցի։ Ինքզինքս մէն-մէնակ գտայ եկեղեցիի դրան շեմին։ Աստուծոյ երկնային տունը պարապ էր՝ ոչ մէկը կար։ Ես ալ առաջին անգամ կ՚այցելէի Ստեփանակերտի մէջ գործող միակ սրբավայրը։ Քանզի մայրաքաղաքիս մէջ այդ թուականներուն, մօտաւորապէս 15 տարի առաջ, եկեղեցի չկար, ուստի Թատրոնի շէնքի առանձին մուտք ունեցող լայնարձակ սենեակներէն մին ժամանակաւորապէս որպէս հոգեւոր կեդրոն կը ծառայէր։ Քահանայի կողմէ ամէն կիրակի պատարագ կը մատուցուէր։ Հաւատացեալ ժողովուրդը մշտապէս հոս կը համախմբուէր։

Մոմ մը վառեցի ու փորձեցի աղօթել, սակայն աղօթել չեմ գիտեր, ուստի սկսայ իմ բառերով հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ։ Քիչ ետք ինծի մօտեցաւ եկեղեցիի սպասաւորներէն մին ու մենք հաճելի եւ երկար զրոյցի բռնուեցանք։ Արմէնը իմ ճանչցած ամենէն մեծ հաւատացեալն է։ Փոքրամարմին սրբապատկեր այդ մարդը ինքզինքը Տիրոջ նուիրած է։ Ծով հանգստութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ անոր հոգւոյն մէջ։ Զգալով մոլորութիւնս մեծանուն հաւատացեալը ինծի ճշմարիտ ուղին ցոյց տուաւ։ Այդ օրուընէ սկսայ յաճախակի եկեղեցի այցելել։ Ամէն կիրակի կը մասնակցէի պատարագներուն, սակայն չէի կրնար հաղորդութիւն ստանալ, քանզի մկրտուած չէի։ Ի վերջոյ, երբ 17 տարեկան դարձայ, հաւատքս աւելի ու աւելի ամրապնդելու նպատակաւ յօժար կամքովս մկրտուեցայ։ Ժամանակի ընթացքին սկսայ իմանալ իմ մէջ ապրող Աստուծոյ ձայնը, որ ամենէն մեծ նուէրն է ինծի համար։ զԱստուած, Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալէ ետք կեանքս ու աշխարհահայեացքս ամբողջութեամբ փոխուեցան։ Այսօր ես վստահաբար կրնամ ըսել, թէ հաւատքս անկոտրուն է։ Կ՚ապրիմ Աստուծմով ու երբեւէ Աստուծոյ գոյութիւնը կասկածի տակ չեմ առներ, քանզի Աստուած, ինչպէս նաեւ սէրը հովի կը նմանի՝ կը զգաս, սակայն հնարաւոր չէ տեսնել։

Հուսկ կը յորդորեմ. հաւատացէ՛ք մարդիկ, հաւատքով ապրեցէ՛ք,

Հաւատքն է, որ պիտի փրկէ մեր մեղսագործ հոգիներն ու աշխարհը։

Հայկական եկեղեցին ժամանակին տիպիկ ու հոգեթով նկարագրած էր մեծանուն արեւմտահայ բանաստեղծ, հայոց «Բանաստեղծներու իշխան» Վահան Թէքէեանը, զոր կը ցանկանայի ներկայացնել ստորեւ.

 

Եկեղեցին Հայկական, ծննդավայրն է հոգւոյս,

Ինչպէս քարայր մ՚ընդարձակ, պարզ ու խորհուրդ, մութ ու լոյս,

Իր գաւիթովն հիւրընկալ, իր լայն բեմով, ու հեռուն,

Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՚է ծըփուն…

 

Եկեղեցին Հայկական, ես աչքըս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ,

Իր սեղանէն մխացող, գուլայ - գուլայ խունկերով,

Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով…

 

Եկեղեցին Հայկական բարձըր բե՛րդն է հաւատքին

Իմ պապերուս՝ որ հողէն զայն քար առ ար հանեցին

Եւ երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ , ամպ առ ամպ

Ու թաղուեցան անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…

 

Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ՚ը բանուած,

Որուն ետեւ, սըկիհին մէջ, կ՚իջնէ ի՛նքը Աստուած,

Որուն առջեւ՝ գլխահարկ կու գայ իմ ազգըս ամբողջ

Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ:

 

Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ

Նաւահանգիստ մ՚է խաղաղ, ցուրտ գիշերին՝ հուր ու բոց,

Ու տռփակէզ ցերեկին անտառ մըն է ստուերոտ՝

Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ:

 

Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի

Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.

Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն

Զըրահանդերձ է փայլուն՝ մինչ իր խաչերն են դաշոյն

Եւ զանգակներն են բոմբի՛ւն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն… 

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019