ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԱՍՏՂԸ*

«Եկայք երթիցուք մինչեւ զԲեթղեհէմ,
Եւ տեսցուք զի՞նչ է բանս այս որ եղեւ,
զոր Տէր եցոյց մեզ»
(Ղկ 2.15)

Մինչ արեգակը կը բարձրանայ այսօր մեր աշխարհի երկնակամարին վրայ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներս խնդամիտ ցնծութեամբ կը տօնենք անդրերկնային հորիզոններէն դէպի մեզի խոնարհած, մարդկային մեր կեանքերուն վրայ բացուած աստուածածագ Արեւին՝ Արդարութեան Արեգակին գերահրաշ Ծնունդը եւ Սուրբ Մկրտութիւնը:

Աստուածայայտնութեան առաւօտն է այս առաւօտը, որովհետեւ այսօր Հօրը Միածինը, Ան՝ որ Աստուծոյ Խօսքն էր եւ Ինքը Աստուած, եւ որ Իրմով գոյութեան բերաւ տիեզերքը, երկինքն ու երկիրը եւ բոլոր ստեղծուածները, այսօր Ինքզինք մարմնաւորապէս յայտնեց աշխարհին եւ մեզի: Ան՝ որ յաւիտենական Աստուածն էր եւ մեր Արարիչը, այսօր եկաւ ժամանակին սահմաններուն մէջ մտաւ եւ Ինքզինքը այս աշխարհի պատմութեան խառնեց. մեզի համար, մեր փրկութեան սիրոյն՝ Իր աստուածային փառքէն մերկացաւ, խոնարհեցաւ եւ ծառայի կերպարանք զգեցաւ, մարդացաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ:

Այո՛, այս առաւօտ աշխարհին պատմուեցաւ, թէ ի՛նչպէս՝ Օգոստոս կայսեր հրամանով երբ մարդահամար կը կատարուէր Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ, Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ, եւ նշանածը՝ Յովսէփ, Գալիլիայէն եկան արձանագրուեցան իրենց ազգատոհմին՝ Դաւիթի տան բնիկ քաղաքը, Բեթլեհէմ: Եւ մինչ Բեթղեհէմ էին, Մարիամի ծնանելու օրերը հասան. եւ որովհետեւ իջեւաններուն մէջ իրենց տեղ չէր գտնուած, անիկա իր զաւակը ունեցաւ՝ իբրեւ ախոռ ծառայող քարայրի մը մէջ, եւ մանուկը խանձարուրով մը փաթթելով՝ պառկեցուց մսուրին մէջ: Նոյն պահուն, քաղաքէն անմիջապէս դուրս, դաշտին մէջ, կային հովիւներ՝ որոնք իրենց հօտին գիշերուան պահպանութիւնը կ՚ընէին: Եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ, Տիրոջ փառքը անոնց շուրջ ծագեցաւ, եւ անոնք սաստիկ վախցան: Հրեշտակը ըսաւ.

-Մի՛ վախնաք. մեծ ուրախութեան աւետիս մըն է որ կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ. որովհետեւ այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնաւ ձեր Փրկիչը, որ Օծեալ Տէր է: Հետեւեալը թող ձեզի նշան ըլլայ.- Մանուկը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ պառկած:

Ապա այդ հրեշտակին հետ յայտնուեցաւ հրեշտակներու բազմութիւն մը, որ զԱստւած կ՚օրհնէր, ըսելով.

-Բարձունքներուն մէջ՝ Աստուծոյ փա՜ռք. երկրի վրայ խաղաղութիւն (թող ըլլայ) եւ մարդոց մէջ՝ հաճութիւն:

Հազիւ հրեշտակները երկինք վերացած, հովիւները իրարու ըսին.

-Եկէք մինչեւ Բեթղեհէմ երթանք, եւ տեսնենք թէ ի՞նչ է այս բանը, որ Տէրը մեզի ցոյց տուաւ:

Եւ արտորանքով եկան, գտան մսուրին մէջ պառկած մանուկը (Ղկ 2.1-16):

Այսպէս, Աստուած մարդացաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ (հմմտ. Յհ 1.14): Աստուծոյ Որդին մարդու Որդի եղաւ եւ Ինքզինք յայտնեց աշխարհին, որպէսզի յաւիտեաններէն ի վեր ծածուկ մնացած Աստուծոյ փրկութեան խորհուրդը յայտնէ, աստուածային գիտութեամբ լուսաւորէ մեզ, յաւիտենական կեանքի յոյսով կենդանացնէ, եւ Իր մարմինով մարդիկը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելով՝ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ:

Աստուածայայտնութեան այս մեծ խորհուրդին մէջ՝ եկէք այսօր երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ եւ մենք մեզի հարց տանք ու խորհինք, թէ ինչո՞ւ այս յայտնութիւնը ոեւէ մէկէն առաջ՝ հովիւներէն սկսաւ, եւ ինչո՞ւ տեղի ունցաւ քարայրի մը մէջ:

1.- ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ եղան առաջին ունկնդիրները երկնային աւետիսին եւ առաջին ականատեսները մարմնացեալ Աստուածորդիին. այլ խօսքով, աշխարհի առաջին կապը՝ Քրիստոսի հետ: Անգրագէտ, խեղճ ու պարզուկ այդ մարդիկը, որոնք իրենց զբաղումին բերումով յաճախ կտրուած կ՚ըլլային աշխարհէն եւ զրկուած՝ ընկերային կեանքի շատ մը երեսներէն, որոնք նոյնիսկ կ՚արհամարհուէին բարեպաշտութեան մէջ ծայրայեղ հրեաներուն կողմէ, որովհետեւ չէին կրնար ծիսական-աղօթական իրենց պարտականութիւնները անթերի կատարել, ահա այժմ կը դառնային Աստուծոյ ընտրած առաջին վկաները Քրիստոսի ծննդեան եւ Անով աշխարհին բերուած մեծ աւետիսին: Ինչո՞ւ: Աստուծոյ ճամբաներն ու վճիռները անքննելի են հարկաւ, բայց կը խորհինք՝ որ այդ ընտրութիւնը երեք պատճառ ունէր.-

Առաջին, այն՝ որ հովիւները իրենց կեանքը խառնած ըլլալով բնութեան կեանքին, խրամատ չէին ճանչնար երկինքին ու երկրին միջեւ: Իրենց համար երկինք ու երկիր տեւական երկխօսութեան մէջ են եւ երկիրը իր հրաշալիքներով նո՛յնքան Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, որքան երկինքը՝ իր համաստեղութիւններով: Բնութեան մէջ զԱստուած փառաբանողներ են հովիւները, եւ ատոր համար ալ նախ իրենք ականջալուր եղան այն հրաշալի փառաբանանքին, որ հրեշտակները երկինքէն հնչեցուցին այն գիշերը, եւ այնուհետեւ ալ իրենք պիտի ըլլային առաջին աւետողները աշխարհին՝ թէ իրենց Փրկիչ մը ծնած էր այն գիշեր, ըստ երկնային աւետաբերին խօսքին (Ղկ 2.17-18), եւ իրենք պիտի ըլլային առաջին փառաբանողները Աստուծոյ (անդ, 20):

Երկրորդ, Աստուած հովիւները ընտրեց, սկիզբէն ծանուցելու համար՝ թէ ծնող մանուկը Իր ժողովուրդին Մեծ Հովիւը ըլլալու սահմանուած է: Արդարեւ, Մատթէոս Աւետարանիչ Յիսուսի Բեթղեհէմի մէջ ծնունդը կը դիտէ իբրեւ կատարումը Միքիայի մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ. «Եւ դուն, Բեթղեհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ փոքրագոյնը չես. որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ Իշխան մը, որ Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի հովուէ» (Մտ 2.6): Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնած այս մանուկը Դաւիթի ազգատոհմէն եւ անոր հարազատ շառաւիղն էր. եւ ինչպէս Աստուծոյ այն օծեալը իր մանկութեան հովիւ էր եւ Աստուծմէ  կանչուեցաւ թագաւոր ըլլալու, այնպէս ալ հրեշտակներու աւետած այս Օծեալ Տէրը հովիւներու քարայրի մը մէջ իբրեւ հովիւ կը ծնէր՝ յետոյ Իր հօրը Դաւիթի թագաւորական աթոռը նստելու համար, ըստ Աստուծոյ կանխագոյն ծանուցման՝ Գաբրիէլ հրեշտակին բերնով (Ղկ 1.32, 33): «Անիկա հովիւի մը պէս Իր հօտը պիտի հովուէ, գառնուկները Իր բազուկով պիտի ժողվէ, եւ զանոնք Իր գիրկին մէջ պիտի կրէ» կ՚ըսէ Եսայի Մարգարէ (40.11). եւ Քրիստոս Ինք չյայտարարե՞ց, ըսելով. «Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը՝ որ իր կեանքը ոչխարներուն համար կու տայ» (Յհ 10.11): Իսկ Եբրայեցւոց նամակին հեղինակը կը շեշտէ, թէ Քրիստոս մեզի համար Իր կեանքը որպէս գերագոյն զոհ տալով՝ ո՛չ միայն մեր Քահանայապետը եղաւ, որ միանգամընդմիշտ երկնային Սրբարանը մտաւ մեր փոխարէն՝ մեր մեղքերու քաւութեան համար, այլ՝ «որ յաւիտենական Ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւը» եղաւ (Եբր 13.20):

Երրորդ, առաջին յայտնութիւնը հովիւներուն եղաւ՝ նաեւ ցոյց տալու համար, որ Քրիստոս Հովուապետը ըլլալով հանդերձ՝ Իր յետագայ հօտին խնամքին համար ամէն բանէ առաջ պէտք ունէր «հովիւներու», որոնք Իր ոչխարները առաջնորդէին խաղաղ ջուրերու ափերը եւ երկնաւոր Հօր միակ փարախը, ճիշդ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ Եփեսոսի երէցները կը յորդորէր՝ ըսելով. «Ուրեմն զգուշացէք ձեր անձերուն եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ կարգեց, որպէսզի հովուէք Աստուծոյ եկեղեցին՝ որ Քրիստոս Իր արիւնովը գնեց» (Գրծ 20.28):

2.- ՔԱՐԱՅՐԸ, ուր ծնաւ Յիսուս, համաձայն 2-րդ դարէն եկող հնագոյն աւանդութեան մը, իբրեւ նիւթական յարկ՝ ոչինչ կ՚ըսէ մեզի. եւ սակայն շատ բան կրնայ ըսել՝ եթէ տարբեր անկիւնէ դիտենք զայն:

Նախ, դիտեցէք՝ որ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքը սկիզբ կ՚առնէ քարայրի մը մէջ եւ խաչի վրայ պատարագումէն ետք՝ վերջին հանգրուանին՝ կ՚երթայ հանգչիլ դարձեալ քարայրի մը մէջ: Բեթղեհէմի քարայրին մէջ կոյս մօրմէն կը ծնի՝ անարատ Իր կեանքով Ադամածին մարդկութեան մեղքի մուրհակները պատռելու համար, իսկ Գողգոթայի կոյս քարայրէն սուրբ յարութեամբ՝ վերստին կը ծնի եւ հոգեղէն յաւիտենական կեանքի դուռը կը բանայ հողեղէններուս առջեւ: Մեծ է փրկագործական խորհուրդը այս երկու ծնունդներուն, եւ երկուքն ալ քարայրի մը ժայռեղէն բնական կառոյցին կապուած ըլլալով՝ կարծէք կը յիշեցնեն, թէ անոնք - Ծնունդ եւ Յարութիւն - երկուքն ալ հաւատքի այն բեւեռները եւ այն ամուր ժայռերն են, որոնց առանցքին շուրջ պէտք է դառնայ մեր հաւատքի կեանքը եւ որոնց վրայ պէտք է շինենք մեր հաւատքի տուները:

Երկրորդ, Քրիստոս Իր քարայրը կ՚ընծայէ իբրեւ օրինակ՝ Իր Եկեղեցիին, որ հաւատքի վէմին վրայ շինուած է, եւ ուր մարդիկ պէտք է գան - Յիսուս Մանուկին այցելող հովիւներուն, մոգերուն եւ ուրիշներու պէս - իրենց սիրտերը ընծայելու համար մանկացեալ Աստուածորդիին:

Բայց քարայրը աւելի առարկայական եւ աւելի անմիջական բան մըն ալ կը թելադրէ մեզի, եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդին: Մտածեցէք, արդարեւ, թէ Քրիստոս քարայրի մը մէջ ծնաւ, որովհետեւ այս աշխարհի իջեւաններուն մէջ տեղ չունեցաւ: Այդուհանդերձ, իրենց կանչեց եւ Իր երկնաւոր Հօր տունը հրաւիրեց բոլոր մարդիկը, մանաւանդ անոնք՝ որոնք այս աշխարհի իջեւաններէն մերժուած են ու տեղ չունին… Անհիւրընկալ, անարդար, եւ հօրենական յարկ մը ունենալու մարդկային ամենէն տարրական իրաւունքները ուրիշ եղբայր մարդոց զլացող այս աշխարհին դիմաց՝ քարայրի մը մէկ անկիւնը Իր ծնունդով՝ Քրիստոս տեւականօրէն կը խարանէ այդ անարդարութիւնը եւ կը պատգամէ, թէ իւրաքանչիւր մարդ աստուածատուր անբռնաբարելի իրաւունքը ունի՝ իր հօրենական յարկը ունենալու: Այս աշխարհէն չէր Յիսուս. այս աշխարհը Իր հայրենիքը չէր եւ Ինք նոյնիսկ Իր գլուխը հանգչեցնելու տեղ մը չունէր. պանդուխտ մըն էր եւ այդպիսին մնաց, ատով իսկ Ինքզինք նոյնացնելով բոլոր անհայրենիք կամ հայրենազուրկ մարդոց հետ, եւ Իր Սուրբ Ծնունդով պատգամելով՝ թէ ամէն պանդուխտ ու գաղթական աստուածապարգեւ իրաւունքը եւ մանաւանդ սրբազան պարտքը ունի՝ իր հայրենի հողն ու տունը փնտռելու եւ հոն դառնալու:

Ի վերջոյ, սիրելիներ, ձեր ակնարկը յառեցէք այն մսուրին՝ ուր աստուածային մանկիկը պառկած է: Սովորաբար կենդանիներուն կերը պարունակող քարէ կամ փայտէ մեծ ամանն է մսուրը, առհասարակ յարդով լեցուն: Բայց նայեցէ՛ք, անիկա հիմա այն պարզուկ բայց սրբազան սեղանն է, որուն վրայ Աստուծոյ անարատ Գառնուկը կը պառկի, կու գայ Ինքզինք տալու մարդոց փրկութեան համար, զոհի սեղան կը բարձրանայ՝ Իսահակի եւ բոլոր Իսահակներու փոխարէն, եւ Իր անձին պատարագումով կը բաշխուի եւ կը մատուցուի բոլորին, իբրեւ անմահարար կերակուր, դեղ կենդանութեան:

Ամէն անգամ որ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը կը տօնենք, պէտք է հովիւներուն հետ մենք եւս երթանք Բեթլեհէմ, մտքի եւ հոգիի թեւերով, որպէսզի մարդկայնութեան իսկական դասը սորվինք այնտեղ, եւ մեր մարդկութեան մէջ աստիճան մը եւս վեր բարձրանանք: Տեսնենք այնտեղ՝ Իր թեւերը մեզի պարզած հրաշալի Մանուկը, որ անտուն, գաղթականի ցնցոտիներու մէջ փաթթուած՝ արդարութեան անժամանցելի խոստումը կու տայ մեզի եւ բոլոր ժողովուրդներուն, որպէսզի մարմնացեալ Իր պատկերին ընդմէջէն տեսնենք աշխարհի մեր եղբայրները. որպէսզի մենք մեզ նոյնացնենք՝ Հայաստանի թէ ազատագրական պայքարի երկունքին մէջ տուայտող Արցախի մեր այն եղբայրներուն հետ՝ որոնք այս օրերուն հացէ զուրկ են ու ցրտահար, անտուն են եւ աներդիք, գաղթական են ու պանդուխտ, վշտահար են ու սգաւոր, եւ պէտք ունին այցելու հոգիներու, որպէսզի անոնցմով ջերմանան ու քաղցրանան ու կենդանանան դարձեալ:

Այո՛, ամէն Ծնունդի պէտք է հովիւներուն հետ մենք եւս երթանք Բեթղեհէմ, մտքի եւ հոգիի քայլերով, որպէսզի կարենանք անգամ մը եւս տեսնել եւ փորձել հասկնալ, թէ «ի՞նչ է այս բանը, որ Տէրը մեզի ցոյց տուաւ»: Եւ այն ատեն, վստահ եղէք, հրեշտակներուն երկնաբարբառ փառաբանութիւնն ու աւետիսը մեր ալ սիրտերուն մէջ եւ շրթներուն վրայ կը դառնայ անկաշկանդ արձագանգը երկնային երգին՝

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք.
երկրի վրայ խաղաղութիւն (թող ըլլայ)
եւ մարդոց մէջ՝ հաճութիւն»:

եւ մենք մեզ կառուցած Քրիստոսի անսարսելի ժայռին վրայ՝ իբրեւ եկեղեցի եւ ժողովուրդ՝ խաղաղութեան Իշխանին ու մեր Հովուապետին առաջնորդութեամբ մեր կեանքերը կը տանինք դէպի արդարութեան եւ խաղաղութեան հովիտները:

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

* Քաղուած՝ «Լոյս եւ Հաղորդութիւն» գիրքէն, տպ. Նիկոսիա 2005, էջ 63-68:

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021