ԱՏԱՆԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ

Հայ հրապարակախօս, բանասէր, դեղագործ Յակոբ Թէրզեանի (Յակթէր) «Ատանայի կեանքը» գիրքը, լոյս տեսած է Պոլիս, 1909 թուականին, եւ հեղինակը զայն նուիրած է Ատանայի եւ շրջակայքի հազարաւոր հայ անմահ նահատակներու ողբալի յիշատակին:

Գիրքին յառաջաբանին մէջ Յակոբ Թէրզեան կը գրէ. «Սոյն հրատարակութեանս նպատակը կսկծալի ցաւեր նորոգել չէ, երբե՛ք, այլ միայն չքնաղն Ատանայի անմոռանալի յիշատակին յարգանք մը ընծայել եւ միանգամայն բազմաթիւ հետաքրքիրներու անզուսպ փափաքին գոհացում տալն է: Ատանայի՝ գոնէ վերջին հարիւր տարուն կեանքը, մանրամասն եւ ճշգրիտ պատկերացնելու համար տարիներով աշխատիլ հարկ է: Ներկայ աշխատասիրութիւնս՝ Ատանայի վերջին քսան եւ հինգ տարուան կեանքին համառօտ մէկ տեղեկագրութիւնն է: Մանաւանդ վերջին տարիներուն մասին տրուած մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններն կը յուսամ թէ լոյս պիտի սփռեն շատերու համար մութ մնացած կէտերու վրայ»:

Այնուհետեւ ան մանրամասն անդրադարձ կը կատարէ Ատանայի տեղագրականին, կլիմային՝ նշելով, որ Ատանայի կլիման Եգիպտոսի նման տաք է, սակայն Սիհուն գետին ջուրը շատ մաքուր եւ առատ ըլլալուն, առողջութեան տեսակէտով բնական մեծ բարիք մ՚եղած է Ատանայի եւ շրջակայից համար: «Մայիսէն կը սկսի տաքը եւ ամառուան մէջ մանաւանդ յուլիս եւ օգոստոս ամիսները ջերմաչափը՝ սանթիկրատ մինչեւ 35-38 կը բարձրանայ շուքին մէջ: Ահա այս տաքին շնորհիւն է որ Ատանայի արգասաբեր հողը կը հասցնէ բամպակ, շուշմայ, արմաւինիի պէս տաք երկիրներու յատուկ պտուղներ: Իսկ ձմեռը առանց ձիւնի եւ քիչ անձրեւով չոր եւ խիստ ցուրտ մը կը տիրէ: Ատանայի մէջ ձիւն շատ քիչ անգամ տեղացած է, հազիւ երեք չորս տարին անգամ մը մի քանի սանթիմի չափ կը տեղայ, զոր ալիւրի պէս կը ժողվեն տեղացիները եւ կը պահեն օրերով: Ատանա քաղաքը շրջապատուած է շատ գեղեցիկ պարտէզներով ու ծառերով եւ ունի բազմաթիւ այգիներ, որոնց կոկիկ ու ճերմակ տուները սքանչելի տեսարան մը կը կազմեն: Նոյնպէս շրջակաները կը գտնուին մեծ ու պզտիկ բազմաթիւ չիֆթլիքներ այսինքն մեծ երկրագործներուն ընդարձակ ագարակներու ցանուքաղի բանուորի տուներ: Ամառուան եղանակին մանաւանդ գիշերները սոսկալի տաքին հետ թունախայթ մժեղներն ալ անտանելի են», կը նկարագրէ կլիման:

Շատ մանրամասն կերպով կը պատմէ Ատանայի գործարաններու, ապրուստի, ընկերային վիճակի մասին:

«Ատանացիք դարերէ ի վեր երկրագործ եղած են ընդարձակ ագարակներու ժառանգութեամբ սերունդէ սերունդ, եւ երկրագործութեան կը պարտէր Ատանան իր յառաջդիմութիւնը: Երկրագործ դասակարգը ամառը կ՚աշխատէր եւ ձմեռը գրեթէ հանգիստ կ՚ընէր: Հարուստներէ զատ միջին եւ ստորին դասակարգէն շատ քիչեր իրենց անձնական տուները ունէին, մեծամասնութեամբ վարձքով եւ այն ալ սուղ վարձքով կը նստէին: Ահա այս պատճառով էր, որ մէկ տունի մէջ շատ անգամ երկու, երեք, մինչեւ չորս եւ աւելի ընտանիքներ կը նստէին։ Տուները ունէին ընդարձակ բակեր, շատ անգամ հինգ տասը տուն մէկէն մէկ բակի մէջ կը գտնուէին եւ այս պատճառով նաեւ աղքատիկ կաթնավաճառներու թաղերու մէջ կապած կովերուն ներկայութեամբը երբեմն թաղեր մեծ գիւղի մը տպաւորութիւնը կու տային: Ահա այսպէս Ատանան շնորհիւ յառաջդիմութեան թէ՛ մեծ ու աննման քաղաք մ՚էր եւ թէ երկրագործութեամբ մեծ գիւղ մը»:

Այս արժէքաւոր գիրքին Բ. մասին մէջ Յակոբ Թէրզեան կը պատկերէ Ատանայի սովորոյթները, իսկ Գ. մասը ամբողջական նկարագրութիւնն է Ատանայի եկեղեցական, կրթական եւ վաճառականական վիճակներուն: Եկեղեցական վիճակ բաժնի մէջ կը կարդանք.

«Ատանայի Հայութիւնը հակառակ թրքախօսութեանը սկիզբէն ի վեր միշտ ջերմեռանդ եւ թունդ եկեղեցասէր եղած է: Եկեղեցիին անունով պահանջուած գումարներն ամենայն սիրով կը վճարէին:

«Ատանայի մէջ Հայ Եկեղեցիին պաշտպանութեան եւ յառաջդիմութեանը համար ամենամեծ ծառայութիւններ մատուցանողն եղած է Պզտիկեան ազնուատոհմ գերդաստանը, որուն թոռներուն կազմած բազմաճիւղ ընտանիքներն մինչեւ այսօր հոգի կու տան իրենց Եկեղեցիին պաշտպանութեանն ու լուսաւորութեանը համար»:

Հարիւր եւ աւելի տարիներ յետոյ տակաւին հետաքրքրքութեամբ ընթերցուող «Ատանայի կեանքը» գիրքին Դ. մասը կը պատկերէ Ատանան Սահմանադրութենէն առաջ եւ գիրքը կ՚աւարտի հեղինակին վերջին խօսքով, որով ան նաեւ կը ծանուցէ իր յաջորդ՝ Կիլիկիոյ աղէտը երկին հրատարակման մասին:

Ատանայի կոտորածին 111-ամեակին առթիւ Ատանայի կեանքը գիրքէն կը հրատարակենք քանի մը հատուած: 

ԱՏԱՆԱՅԻ ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ԼՐԱԳԻՐՆԵՐԸ

Սահմանադրութենէն առաջ կը հրատարակուէր «Սէյհան» չոր ու ցամաք պաշտօնաթերթն, վերջը սկսան հրատարակուիլ «Եաշասուն Օրտու» զինուորական լուրջ թերթ - արտօնատէր Էրքեանը հարպ գօլ աղասը Լութֆի պէկ, «Իթիտալ» խուժանաթերթ կամ ամբոխավար լրագիր - արտօնատէր Իհսան Ֆիքրի, «Րէհպէրը Իթիտալ» հակաիթիտալեան թերթ - արտօնատէր Ալի Իլմի էֆէնտի, «Չուգուր Օվա» շուքէն վախցող խեղճուկ թերթ - արտօնատէր Մահմուտ Ճէլալէտին էֆէնտի:

Թուրքերէն չորս թերթերէն զատ, Հայերուս մէջ ալ Կիլիկեան մի քանի թերթերու պէտքը զգացուեցաւ: Որով «Տաւրոս» անունով թերթի մը արտօնութեան համար ես դիմած էի Կուսակալութեան, որուն համար երաշխաւորի եւալյն կարգ մը դժուարութիւններ հանեցին: Նոյնպէս Հ. Ռ. Ս. կուսակցութեան կողմէ Պօղոս էֆէնտի Եղիաեան դիմած էր «Կիլիկիա» անունով թերթի մը արտօնութեանը համար. եւ միւս կողմէ Տ. Մուշեղ Սրբազանը ձեռնարկած էր տպարան մը բերել տալու, որոնք դժբախտաբար ամբողջովին ջուրն ինկան:

Իհսան Ֆիքրի «Իթիտալ» թերթին համար տպարան մըն ալ բերաւ Պոլիսէն, որուն համար կ՚ըսուի թէ Իթթիհատի անուամբ ժողված դրամով առած է: «Իթիտալ» սկսաւ հրատարակուիլ անորոշ ուղղութեամբ մը, երբեմն Հայերը կը գովէր երբեմն քարեր կը նետէր եւ Կէրկէրլիի պոչէն խածած կը քաշկրտէր: «Իթիտալ»ի դէմ գրելու եւ զայն պախարակելու համար, հակառակորդներէն Էրզինի թահրիրաթ միւտիրի Ալի Իլմի էֆէնտին ալ սկսաւ «Րէհպէրը Իթիտալ» անունով թերթ մը հրատարակել, ասոր ալ նպատակն էր լոկ Իհսան Ֆիքրին հարուածել եւ «Իթիտալ»ն տապալել: Այն ատեն Իթթիհատի անկանոն վարչական խորհուրդին ալ հակառակ սկսաւ գրել եւ այս թերթին օգնութեան հասաւ երրորդ Թուրքերէն թերթ մը «Չուգուր Օվա», Մահմուտ Ճէլալէտտին էֆէնտիի խմբագրապետութեամբ: Վերջապէս Ատանայի Թուրքերն մի քանի կուսակցութեանց բաժնուեցան. եւ Հայերը կը դիտէին միայն այս ամէնը:

ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐ

Ատանայի մէջ կային քսանի չափ շոգեշարժ գործարաններ (fabrique), որոնք բամպակի կուտերը կը զատէին ու կը զտէին, բամպակէ դերձան կը շինէին, կտաւ կը գործէին, ալիւր եւ սառ կը պատրաստէին եւայլն: Սոյն գործարաններուն սուլումները եւ հազարաւոր գործաւորներու հաւաքումն ու արձակումը Եւրոպական մեծ քաղաքի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէին: Մեծ գործարաններէն զատ թաղերու մէջ կային պարկիրով դարձող ջաղացներ (տինկ), որոնցմէ ոմանք աղքատիկ դասակարգին ալիւր եւ պուլկուր կը պատրաստէին եւ ուրիշներ շուշմայի իւղ (սուսամ եաղը, huile de sésame) կը հանէին եւ դահին ու հէլվաներ կը պատրաստէին:

Հայոց պատկանողներէն Աշըգեան Եղբարց գործարանէն զատ, որ զօրանոցին մօտ ըլլալուն պատճառով ազատեցաւ, միւսներն ամբողջապէս այրեցան եւ մնացին միայն Յոյներէ ոմանց եւ Թուրքերունները, որոնց կարեւորներն են Թրիփանի եղբարց ընդարձակ գործարանը, Արնավուտ Պօսնալը Սալիհ էֆ[էնտի]ի, Կոզմա էֆէնտիի, Պօտուր Օղլուի, Գօգօնաքիի, Փամուգճը Միսթիլլի (Մուսդաֆա աղա), Մէհմէտ աղայի, Փաթիրնօսի գործարանները եւ այլն:

ԱՊՐՈՒՍՏ

Ատանայի ժողովուրդին երկսեռ աղքատիկ դասակարգը ամառուան տաքին Ատանայի շրջակայ գիւղերը եւ ագարակները երթալով բամպակի շերամները կը ժողվէին որուն իբրեւ վարձք կ՚առնէին ըստ սովորութեան իրենց ժողվածին մէկ ութերորդ կամ տասներորդը, զոր ծախելով կը ճառէին շատեր իրենց տուներուն վարձքը, վճարելու համար տան տիրոջ նոյեմբեր 1ին: Իսկ ձմեռը կիները գիշեր ցորեկ կ՚աշխատէին, շերամին բամպակը կեղեւէն քաշելով ու զատելով, որուն կ՚ըսեն տեղացիք գօզա շիֆլէմէք, եւ ասոր ի վարձ կ՚առնէին իւրաքանչիւր չէքիի (40 օխա) համար 2-3 դահեկան: Շատ ընտանիքներ, մանաւանդ այրի կիներ իրենց ապրուստը կը հոգային սոյն աշխատութիւնով:

Ատանացիք դարերէ ի վեր երկրագործ եղած են ընդարձակ ագարակներու ժառանգութեամբ սերունդէ սերունդ, եւ երկրագործութեան կը պարտէր Ատանան իր յառաջդիմութիւնը: Երկրագործ դասակարգը ամառը կ՚աշխատէր եւ ձմեռը գրեթէ հանգիստ կ՚ընէր: Հարուստներէ զատ միջին եւ ստորին դասակարգէն շատ քիչեր իրենց անձնական տուները ունէին, մեծամասնութեամբ վարձքով եւ այն ալ սուղ վարձքով կը նստէին: Ահա այս պատճառով էր, որ մէկ տունի մէջ շատ անգամ երկու, երեք, մինչեւ չորս եւ աւելի ընտանիքներ կը նստէին։ Տուները ունէին ընդարձակ բակեր, շատ անգամ հինգ տասը տուն մէկէն մէկ բակի մէջ կը գտնուէին եւ այս պատճառով նաեւ աղքատիկ կաթնավաճառներու թաղերու մէջ կապած կովերուն ներկայութեամբը երբեմն թաղեր մեծ գիւղի մը տպաւորութիւնը կու տային: Ահա այսպէս Ատանան շնորհիւ յառաջդիմութեան թէ՛ մեծ ու աննման քաղաք մ՚էր եւ թէ երկրագործութեամբ մեծ գիւղ մը:

Ատանայի ժողովուրդը շատ ժրաջան էր, ամառը այն ամենասոսկալի կիզիչ արեւին դէմ ագարակներու մէջ մրջիւններու պէս կ՚աշխատէին եւ ձմեռն ալ ընդհակառակը մեծ մասով հանգիստ կ՚ընէին: Աշխատութեան մասին շատ ճշդապահ էին, ժամանակին կ՚աշխատէին եւ ժամանակին հանգիստ կ՚ընէին: Երկրագործները ամառը կ՚աշխատէին եւ ձմեռը կ՚ուտէին, իսկ արհեստաւորներն ու պանդուխտները ցորեկը ոգի ի բռին կ՚աշխատէին իրենց օրականը շտկելու համար եւ իրիկունը կը տեսնուէր որ իրենց հաճոյքին ու զուարճութեան մէջ թաղուած էին: Հոս տեղն է յիշել մսավաճառ մեր սիրելի Միսաքը, որ իր հսկայ կազմուածքով ու գեղեցիկ դիմագծերով եւ մանաւանդ հազուագիւտ ոյժովը մեծ համարում կը վայելէր, Ատանայի Հայութիւնը կը գուրգուրար գասապ Միսաքին վրայ որուն ներկայութիւնը ծակէ ծակ կը փախցնէր Թուրք եւ Հայ գապատայի չարագործները: Իրիկունները միշտ գլուխը տաքցուցած պատուոյ սահմանին մէջ կը դողացնէր շուկաներն ու թատրոնները. «Գասապ Միսաքը եկաւ» լուրը կը բաւէր որ ամէն մարդ պատիւն ճանչնար եւ իր պատեանին մէջ քաշուէր եւ այս պատճառով էր, որ թատրոնի տէրերը մասնաւոր վարձքով իրիկունները Միսաքը կը հրաւիրէին իրենց քով: Մեր անմահ Միսաքը չափազանց պատուախնդիր էր, ընդհանուրին պատիւին պաշտպանութանը համար ամէն վտանգ աչքի կ՚առնէր: Ահա այսպէս Ատանացիք ընդհանրապէս իրենց ճակտին քրտինքովը հանգիստ ու կանոնաւոր կեանք մը կը վայելէին:

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնական պայմանները Պոլսոյ հակառակն էր: Պոլսեցի երիտասարդներէն ոմանք՝ կեանքի ընկեր առնելիք օրիորդէն իբրեւ առաջին ձիրք դրամօժիտ կը պահանջեն, իսկ Ատանացի երիտասարդը ընդհակառակը ինք դրամօժիտ կը վճարէ աղջկան: Ամենէն հարուստէն մինչեւ յետին մուրացիկը ամուսնութեան ձեռնարկած ատեն պարտաւոր է պատրաստ ունենալ աստիճանաբար ապարանջան՝ ոսկի կամ արծաթ, օղ, ժամացոյց, հինգ մէկնոց ոսկի, պռօշ եւ շարունակելի իր հարստութեան համեմատ: Կնոջ թեւին վրայ գտնուած ոսկի ապարանջան (պուրմա) եւ ուրիշ զարդոսկիներէն կը հասկցուէր պատկանած ընտանիքին հարստութեան աստիճանը, որով Ատանայի կիներէն շատերը իրենց ամուսինէն աւելի հարուստ կ՚ըլլային. (երանի՜ թէ այդպէս չըլլար եւ հիմա գողերու կոկորդը չանցնէր…): Շատ կիներ, երիտասարդ եւ տարիքոտ, իրենց թեւերուն վրայ կը կրէին 5-6 զոյգ հաստ պուրմա ոսկի ապարանջաններ (որոնցմէ մէկ զոյգը միայն 20-30 ոսկի է): Աղջիկ մը հինգ տարեկանէն կը սկսէր ոսկի զարդերով զարդարուիլ հօրը կողմէ եւ վերջն ալ ամուսնոյն նուէրներն ալ վրան աւելնալով ոսկիներու ծանր բեռի մը տակ կը մնար եւ այդ բեռին ծանրութեան աստիճանով խրոխտ ու հպարտ կ՚ըլլար Օրիորդը կամ Տիկինը:

Ամուսնութեան հանդէսները Ատանայի մէջ խիստ փայլուն կ՚ըլլար եւ մեծամեծ ծախքերու դուռ կը բանար, այնպէս որ ամուսնանալու պատրաստուող երիտասարդ մը ապագայ ապրուստէն աւելի հարսանեկան ծախքերը կը մտածէր եւ որով շատեր հարսանեկան ծախքերու չափազանցութենէն չէին կրնար ամուսնանալ: Բարեբաղդաբար վերջին տարիներս, շնորհիւ Տ. Մուշեղ Սրբազանի ջանքերուն, ծախքերն բաւական թեթեւացած էին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020