Ի՞ՆՉ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՄ

Որակը կը գերազանցէ քանակը:

Ժողովուրդները՝ մարդոց զգալի, ստուար հատուած մը միշտ նոյնն են՝ չեն փոխուիր: Ժամանակը, դարերն ու հազարամեակները կ՚անցնին անոնց քովէն: Անոնք կը մնան անփոփոխ: Անոնց ընկալունակութիւնը կը սահմանափակուի յաճախ: Սակայն ժողովուրդը ունակ է ամէն հարցի շուրջ իր կարծիքը արտայայտելու. բնաւ կապ չունի, թէ ան որքանով կը տիրապետէ նիւթին: Աւա՜ղ, մենք՝ հայերս նոյնպէս բացառութիւն չենք: Նախապէս հայ ժողովուրդի մասին իմ կարծիքը բաւական դրական էր, իսկ այսօր՝ անմխիթար:

Տգէտները միշտ գերազանցած են գիտունները:

Հայրենիք պահողը, պետականութիւն կառուցողը հայրենասէրն է: Հայրենասէրները թիւով միշտ եղած են, կան ու թերեւս պիտի ըլլան սահմանափակ: Անոնք իրենց ուսերու վրայ կը կրեն ծանր բեռ. օր ու գիշեր, առանց հանգիստի: Հաւատացեալներու թիւը նոյնպէս միշտ եղած է սահմանափակ. թերեւս աւելի քիչ, քան հայրենասէրները: Աստուծոյ նկատմամբ անոնց հաւատարմութիւնն ու երկիւղածութիւնն է, որ յաճախ ազգերը, ժողովուրդները ու երկիրները կ՚արժանացնէ Տիրոջ ողորմածութեան:

Ժողովուրդ...

«Ժողովուրդը իմաստուն է»: Համամիտ չեմ: Ժողովուրդը աշխատուժ մըն է: Ժողովուրդը ուժ է, զօրութիւն: Սակայն կարեւոր հարցերու լուծումը կարելի չէ վստահիլ ժողովուրդին: Իսկ ո՞ւր մնացին մասնագէտները: Ինքզինքս երբեք ժողովուրդի մասնիկ չեմ համարած: Պատճառը ինծի յայտնի չէ: Մինչդեռ իմ ընտանիքը միշտ հպարտացած է ժողովուրդի մը մաս կազմելու համար: Ժողովուրդին, ժողովուրդներուն պէտք է տալ ընտրելու իրաւունք, բայց ոչ երբեք որոշելու:

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, այնուհետեւ՝ մարդը: Առաջին մարդը, մեր նախահայրը երկմտանքի ենթարկելով Տիրոջ խօսքը, դարձաւ սատանայի առաջին զոհը: Սատանան ալ գիտենք, ժամանակին Աստուծոյ հրեշտակապետն էր, որ նախանձելով Տիրոջ, յայտնուեցաւ երկնքի ու երկրի արանքին մէջ: Ադամն ու Եւան վտարուեցան դրախտէն: Մարդկութիւնը սկսաւ բազմանալ: Սկզբնական շրջաններուն Աստուած երկրի վրայ ունէր մարգարէներ, որոնք ժողովուրդին, թագաւորներուն կը հասցնէին Տիրոջ կամքն ու խօսքը: Մարդասէր ու ողորմած Աստուած կը փորձէր ամէն կերպ մարդոց ապացուցել իր գոյութիւնը. զանազան նշաններով ու հրաշքներով: Սակայն բանական մարդը, որ ունէր մտածելու, որոշելու եւ ընտրելու իրաւունք, յաճախ կը տրուէր սատանայի գայթակղութեան. կը զբաղէր կռապաշտութեամբ, կը պաշտէր կուռքեր եւ ուրիշ շինծու աստուածներ: Տէրը ամէն անգամ կը բարկանար: Երկինքէն կրակ կը թափէր անհաւատներու գլուխին: Նորէն կը ներէր, կու տար ապաշխարելու հնարաւորութիւն: Մարդոց մէջ հաւատքը պահ մը գլուխ կը բարձրացնէր: Սակայն թեթեւ հովի մը պարագային նորէն կ՚երերար...

Այսպէս եղած է միշտ՝ մարդկութեան պատմութեան առաջին օրուընէ սկսեալ ընդհուպ մինչեւ օրս:

«Ես եմ քու միակ Աստուածդ, ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս»: Տէրը իր այս պատուիրանը ապացուցելու համար երկիր ուղարկեց իր միածին որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը: Մարդիկ ապրելով Քրիստոսի հետ կողք կողքի, կը դժուարանային հաւատալ անոր գոյութեան: Այդ նոյն մարդոց ձեռքով ալ Տէրը խաչուեցաւ՝ յանուն մեր փրկութեան:

Այսօր երկրի վրայ չկան մարգարէներ, չկայ Տիրոջ Որդին: Մարդկութիւնը ամէն օր ա՛լ աւելի կը հեռանայ Աստուծմէ եւ կը տրուի սատանայի գայթակղութեան: Կարծես թէ սատանան կ՚իշխէ աշխարհի վրայ, արդիւնքին մարդկութիւնը սրընթաց կ՚ընկղմի մեղքերու ովկիանոսի յատակը: Մեծամասնութեան համար այսօր առաւել դժուար է հաւատալ Տիրոջ գոյութեան: Սակայն ներկայիս ալ մեր մէջ կան մեծ ու նուիրեալ հաւատացեալներ, որոնք օր ու գիշեր կ՚աղօթեն մեր փրկութեան համար:

Այսօր մարդիկ աւելի հեշտ կը հաւատան մոգերուն, բախտագուշակներուն, սնահաւատութեան, քան՝ Տիրոջ: Անդադար կ՚աւելնայ անհաւատներու թիւը: Մարդ պատրաստ է հաւատալ ամէն ցնդաբանութեան, բացի իրողութենէ: Իսկ Աստուծոյ դառնալ, Տիրոջմով ապրիլը շատ դիւրին է: Պարզապէս պահ մը կեցէք, մտքով լուռ մնացէք, ու դուք կը հանդիպիք ձեր մէջ ապրող Աստուծոյ: Տէրը ձեզ կ՚ուղղորդէ դէպի ճշմարիտ հաւատք տանող ուղիները: Այս լոկ բառեր չեն: Սա իրականութիւն մըն է, որու մէջէն անցայ ես:

Ի՞նչ հասկցայ: Հասկցայ, թէ օր ըստ օրէ կը համոզուիմ, որ փրկութեան, դրախտի բանալին մարդկութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրի ձեռքն է: Սակայն մենք կոյր ու խուլ ենք հոգիներով: Չենք տեսներ, չենք լսեր ու չենք զգար: Ինչպէս որ յաճախ բանալին մեր ետեւի գրպանին մէջ է, սակայն մենք երկար-բարակ կը փնտռենք ու չենք կրնար գտնել զայն, նոյնն ալ այս պարագային: Այն մեր ափի մէջ է՝ չենք գտներ:

Միեւնոյնն է, բոլոր թերութիւններով հանդերձ ես կը սիրեմ իմ ժողովուրդը եւ կ՚աղօթեմ անոր ապաշխարութեան ու փրկութեան համար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021