«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» 15-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՍԿՍԱՒ

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 15-րդ փառատօնը։ Այս տարուան փառատօնը արդէն կը համարուի յոբելենական՝ հաշուի առնելով, որ կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Բացի գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչներէն, փառատօնի մեկնարկին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի «Ոսկէ ծիրան»ի բացման հանդիսութենէն դրուագ մը։

Հարկ է նշել, որ այս տարուան փառատօնը սկսաւ ֆրանսահայ շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Առանձնատունը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնով։ Շարժանկարի փառատօնը պիտի շարունակուի շաբաթ մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018