ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐԻ ԲԱՆԱՍԷՐԸ

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Հայկական թուային համայնագիտարանի օրացոյցը կը յիշեցնէ, որ 102 տարի առաջ այս օրը՝ 9 օգոստոս 1916 թուականին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ արձակագիր, գրական, մշակութային գործիչ, հայ մամուլի մշակ Յովհաննէս Հիսարեան: Հայագիտութեամբ զբաղողներուն, մանաւանդ՝ հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն անծանօթ անուն մը չէ Յովհաննէս Հիսարեանը, ան «Բանասէր» ամսաթերթին հրատարակիչն էր, որ կարճ շրջան մը լոյս տեսած է Պոլիս, սակայն կրցած է իր տեղը գրաւել հայ մամուլի պատմութեան մէջ, ինչպէս բնորոշուած է իբրեւ «իր ժամանակի հրատարակութեանց ամենէն գիտունն ու բարեկշռեալը»։ Նոյն «Բանասէր» հանդէսին մէջ, մաս առ մաս լոյս տեսած է Յովհաննէս Հիսարեանի «Խոսրով եւ Մաքրուհի» վէպը, որ իր ժամանակի կեանքէն առնուած վէպ մըն է ու կը նկատուի հայ միտքին առաջին վէպերէն:

Յովհաննէս Հիսարեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին հարուստ տեղեկութիւններ չեն պահպանուած, այնպէս ինչպէս պահպանուած է իր ժամանակաշրջանի արեւմտահայ գրողներու եւ մտաւորականութեան մասին, որոնք արեւմտահայ զարթօնքի գրականութեան դէմքերը եղած են (ինչպէս՝ Նահապետ Ռուսինեան, Հայր Ղեոնդ Ալիշան, Սրբուի Տիւսաբ եւ այլք): Սակայն Հիսարեանի մասին մեզի հասած ոչ-առատ տեղեկութիւններն ալ ամբողջական պատկերացում մը կու տան իր ապրած գրական, մտաւորական ժամանակաշրջանին մասին, ուր գործած է ան եւ որուն ընթացքին գրած է «Խոսրով եւ Մաքրուհ»ին՝ հայ զգացական գրականութեան՝ զգացապաշտական (սանթիմանթալիզմ) առաջին լայնածաւալ գործը: Այդ նոյն ժամանակաշրջանին զգացապաշտութիւնը, իբրեւ գեղագիտական ուղղութիւն, գրականութենէն եւ արուեստէն ներս Եւրոպայի մէջ արդէն բաւական ճանապարհ անցած էր եւ հայ հեղինակները սկսած էին իւրացնել այդ ուղղուածութիւնը: Հայկական մամուլին մէջ լոյս կը տեսնէին այդ ոճին յարիր վէպեր, գրութիւններ, որոնք բարոյախօսական, խրատական արձակին հիմքը դրին: Զգացապաշտութիւնը «մարդու բնութեան» գերյատկանիշը կը նկատէ ոչ թէ բանականութիւնը, այլ զգացումը: Այդ առումով, արեւմտահայ գրականութեան առջինեկը կը նկատուի «Խոսրով ու Մաքրուհի» վէպը:

Հեղինակը՝ Յովհանէս Հիսարեան, ծնած է 24 յունիս 1827 թուականին՝ Պոլսոյ Ռումելիհիսար թաղը. հայրն էր Գէորգ Հիսարեան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ յետագային Վենետիկ ղրկուած է՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ աւարտելու համար իր ուսումը: Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի առաջին աշակերտներէն եղած է: Հոն մօտաւորապէս վեց-եօթ տարի մնալով՝ իւրացուցած է հայերէնի, իտալերէնի, յունարէնի, լատիներէնի, նաեւ՝ որոշ գիտութիւններու սկզբունքները։

Եւրոպայէն վերադառնալով, Հիսարեան կը դառնայ լուսաւորութեան ջահերէն մին, ընտրելով գրագրութեան, ուսուցչութեան ասպարէզները: Ուսուցչութիւն ըրած է տուներու մէջ մասնաւոր դասեր տալով եւ վարժարաններու մէջ:

1845-1847 թուականներուն Յովհաննէս Հիսարեան աշխատակցած է պատրիարքարանի պաշտօնաթերթին՝ «Հայաստան»ին, որուն մէջ մաս առ մաս հրատարակած է «Կարճառօտ պատկեր Նափոլէոն Պոնափարթին վարուցը», որ գիրքի վերածած է 1847 թուականին։

1851 թուականին սկսած է հրատարակել «Բանասէր» ամսաթերթը, որ այսօր թուայնացուած է համացանցի վրայ եւ հետաքրքրուողները կրնան թուային պատկերի տեսքով տեսնել այդ թերթին թիւերը: «Բանասէր»ին ուղղուածութիւնը ազգային, բանասիրական եւ քաղաքական էր:

Բացի Հիսարեանի «Խոսրով ու Մաքրուհի» վէպը հատուածաբար հրատարակելէն, «Բանասէր»ին մէջ խմբագիրը հրատարակած է նաեւ ֆրանսացի վիպասան Պերնարտէն տը Սեն Փիէռի «Հնդկաստանի տնակը» վիպակը: Այս վիպակի թարգմանիչին մասին առաջին լոյս տեսած հատուածին մէջ նշուած է «Յառաջիկայ թարգմանութիւնը աղջկայ մը գործն է, որ կ՚ուզէ անծանօթ մնալ»: «Բանասէր»ի առաջին թիւին մէջ հրատարակուելու սկսած է նաեւ Յովհաննէս Հիսարեանի «Վեցհազարեակ յայտնեալ կամ տեսութիւն ռամկական սնապաշտութեանց վրայ» ուսումնասիրութիւնը, որ շարունակուած է մինչեւ տարեվերջ։ Այդ ուսումնասիրութեան մէջ քննութեան առնուած է հայկական ժողովըր-դական հաւատալիքները (կռապաշտութիւն, վհուկ, հմայութիւններ, երազագիտութիւն, հուռութք, առլեզ, մեռելոց ոգի, ձեռնահմայութիւն եւ այլն)։

«Խոսրով ու Մաքրուհի» վէպը 1869 թուականին թարգմանուած է ֆրանսերէնի, իսկ 1903 թուականին կրկին հրատարակուած է «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին մէջ։ «Ծաղիկ»ը մեծ տեղ կը յատկացնէր արեւմտաեւրոպական գրականութեան, թարգմանաբար հրատարակած է եւրոպացի դասականներուն գործերը:

1852 թուականին, յաջողապէս ամբողջական տարեշրջան մը բոլորելէ ետք, «Բանասէր»ը դադրած է հրատարակուելէ: Հիսարեան հեղինակ է նաեւ «Նեռն կամ Կատարած աշխարհի» (1867թ.) վէպին, «Դիւան, որ է տաղարան» (1871թ.) գիրքերուն: Վերջինս բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է:

Գիտակցելով հասկնալի լեզուով ընթերցողին գրութիւններ հասցնելու անհրաժեշտութիւնը, Յովհաննէս Հիսարեան համարձակութիւն կ՚ունենայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ աշխարհաբարով ամսագիր մը տպելու, որ «Բանասէր»ն էր: Անշուշտ, ժամանակաշրջանն ալ նպաստաւոր էր, քանի որ պայքարը՝ յօգուտ աշխարհաբարին, յաղթանակ տարած էր: Այդ ժամանակուան մամուլին դերը լուսաւորութիւնն էր բոլոր ասպարէզներուն մէջ՝ կրթութենէն մինչեւ գիտութիւն, եւ ահաւասիկ այս հարցերն ալ կ՚արծարծուէին «Բանասէր»ին մէջ: Կրօնական, բարոյագիտական, հասարակագիտական, մանկավարժական, գեղագիտական շարք մը խնդիրներ առաջին անգամ իրենց լուսաբանումը գտած էին նոյնինք «Բանասէր»ի էջերուն մէջ, այդ նիւթերը մասամբ ուսումնառուած էին, իսկ հիմնականը կը մշակէր Հիսարեան լուսաւորական իմացաբանութեան համաթեքստին մէջ:

Այդ ժամանակները, Հիսարեան միջոց մը, ֆրանսացի տպարանատէր Գայօլինի հետ, ուր կը տպուէր «Բանասէր»ը, կը հրատարակէ «Journal Asiatique»ը, որուն խմբագիրը կ՚ըլլայ եւ ուր հայերէնի համար ալ բաժին յատկացուած էր։ 1858 թուականին, «Բանասէր»ի հրատարակութեան վերստին փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։ Գրած է նաեւ «Ծռախօսութիւն» անունով փոքրիկ տետր մը՝ Տքթ. Ռուսինեանի ուղղախօսութիւնը քննադատող։ Հիսարեան այնուհետեւ ձգած է խմբագրական գործը եւ ինքզինք ամբողջութեամբ ուսուցչութեան նուիրած է:

1852-1882 թուականներուն, երեսուն տարուան շրջանի մը մէջ, ստէպ առիթներ ունեցած է ուղեւորուելու Եւրոպա եւ Կովկասեան գաւառներ, ու հոն յառաջ տարած է իր ուսումնասիրութիւնները՝ հայկական սեպագիր արձանագրութիւններու ուղղութեամբ եւ որոնց իբր հետեւանք գրած է աշխատասիրութիւն մը ֆրանսերէն լեզուով, որ տակաւին անտիպ կը մնայ։

Նախաշաւիղ

«Բանասէր» ամսաթերթին յառաջաբանին մէջ խմբագիրը «Նախաշաւիղ» անունով գրութիւն մը գրած է, հետեւեալ բովանդակութեամբ (կը հրատարակենք յապաւումով, արտագրելով ամսագիրէն)։

 

Ազգի մը յառաջադիմութիւն ըսելը, ամէնքը գիտեն այսօր, թէ նոյն ազգին լուսաւորութիւնը ըսել է, եւ թէ սա լուսաւորութիւնը բոլոր հասարակութեան վրայ սփռելու միակ միջոցն է բոլոր հասարակութեան մէջ ողջախոհ գաղափարներ սփռել, կամ ծուռ գաղափարները շտկելու ջանալ։ Հարկ չէ, որ ամէն մարդ գիտութեանց անսահման ծովուն եզերքը ոլորելով՝ կատարեալ իմաստասէր ըլլայ. կամ անոր ալեաց մէջ ծփալով՝ յետին իմաստակ. գիտութեանց ծայրը ոչ ոք հասած է. ու իմաստակութենէ աւելի քանելու ախտ մը չկայ, ինչպէս տգիտութենէ աւելի չարաչար կուրութիւն:

Քիչ գիրք կամ սահմանեալ գրութիւններ կը գտնուին մեր մէջը, որոնք լուսաւորութիւն, կրթութիւն քարոզեն, սորվեցնեն ու ազգային յառաջադիմութեան առաջնորդեն հաստատուն կերպով։ Չկան չենք ըսեր։ Բայց մեր մէջ գտնուած նաեւ պարապ գիրքերը քիչ են։

Շատերէն լսեցինք, թէ ո՞ւր է այս կամ այն արուեստին, այս կամ այն կրթութեան գրութիւնները։ Դար մը առաջ աս հարցմունքը թէ որ ընէին, գուցէ ամօթ մը չի սեպուեր ազգին։ Սակայն այս օրս, ուր տպագրութիւնը իր կատարելութեան զենիթն է, ուր ամէն ազգ անոր միջնորդութեամբ կը փնտռէ ու կը դիմէ միշտ դէպի լաւագոյն վիճակ մը, ամօթ չէ՞ մեզի բարբարոսաց պէս գրեթէ անգիր ու տխմար մնալ։

Ուրեմն պէտք է տպագրել, տպագրել միշտ, տպագրել հասարակաց համար, եւ անոր ուշադրութիւնը դրդելու, հետա-քըրքրութիւնը շարժելու նիւթոց տպագրութիւն մը, որ զինքը որսայ կարդալու ու կրթուելու:

Շրջանաւոր գրութիւնները, որոնք Եւրոպա անհամար թուով տարածուած են, տպագրութեան մէջ մեծ տեղի մը բռնած են ու իրաւացի համարունք ստացած հասարակութեան առջեւ իրենց ձիրքերովը: Ստանալու դիւրին, սահմանած ժամանակով ժողովուրդը կը սիրէ աս թերթերուն մէջ՝ իբրեւ հասարակաց բառարան մը՝ գտնալ իր փնտռածը, զուարճանալ իր պարապոյ ատենները, եւ մանաւանդ իր միտքը լուսաւորել եւ լեցնել պէսպէս օգտակար ծանօթութիւններով:

Մեր մէջ, մեր յարգոյ նախորդները՝ ծեր «Արշալոյս»ը, բարեվար «Եւրոպա»ն ու մանաւանդ բազմարդիւն «Բազմավէպ»ը, գովելի ջանքով մը աս պաշտօնս յանձն առած են ու քիչ շատ յաջողութեամբ կը կատարեն: Սակայն երկուքը, իբրեւ լրագիր, հարկաւ չեն կրնար իրենց սահմանել հեռընալ, ու միւսը, որուն ասպարէզը աւելի ընդարձակ է, շատ նիւթեր կան սակայն, որ իր վիճակն ու պայմանները հարկադրած են դուրս ձգելու:

Այս նիւթերն են, որ ուրիշ նիւթոց հետ, կ՚ուզենք ամփոփել շրջանաւոր գրութեան մը մէջ, որ ամսէ ամիս բովանդակելով, որչափ որ կարելին է՝ ընտիր հաւաքում մը բարոյական, ուսումնական, քաղաքական ու զուարճալի ընծայէ ընթերցողաց: Եւ իբրեւ ճշմարտի ցանկացող հասարակաց օգտին, կ՚ուզենք, որ ամենէն առաջ նպատակ ունենայ մեր գրութիւնը ազգային լուսաւորութիւնն ու կրթութիւնը, երկրորդ՝ ամէն վիճակի ու ամէն աստիճանի մարդոց նիւթերը ըստ կարի պարունակէ, երրորդ եւ վերջապէս, հասարակաց հետաքրքրութիւնը շարժէ ու միտքը զուարճացնէ:

Ատեն ատեն, ինչպէս հայր մը, որդւոյն ձեռքէն բռնած իր պապերուն գերեզմանները կը պտըտցնէ, պիտի տանինք մեր ընթերցողները մեր հայրենեաց մէջ. ու անոր աւերակներուն մէջէն առաջնորդելով ու փոշին խառնելով նորէ նոր աշխարհագրական ու մատենագրական ծանօթութիւններ եւ թանկագին յիշատակներ պիտի դնենք առջեւը, որոնց յարգն ու ճաշակը ինչուան հիմակ օտարները մեզմէ աւելի ճանչցեր են:

Ասոնցմէ կշտացած ատենը ընթերցողը պիտի գտնայ «Բանասէր»ին մէջ ուսումնական, պատմական ու տնտեսական հատուածներ, վիպասանութիւններ ու զուարճախօսութիւններ. Ազգային մատենագրութեան հետաքրքրութեան արժանի հատուածներ ու քննաբանութիւններ եւ այլն: Օտար մատենագրութեանց ճաշակն ալ տալու համար, պիտի պարունակէ մեր թերթը ընտիր յօդուածներու եւ մանաւանդ հռչակաւոր վիպասանութիւններու թարգմանութիւններ:

Վերջապէս, եւ միայն անոր համար, որ իբր հասարակաց մթերք՝ փնտռողին հարկաւոր նիւթ մըն ալ չի պակսի, իւրաքանչիւր ամսոյն քաղաքական պատմութիւնը պիտի տանք, ջանալով պարզ եւ հակիրճ, բայց յագեցնելու չափ ըլլալու: Սակայն հաւատարիմ ան սկզբա, թէ ամէն հաստատուած ձեւ տէրութեան աղէկ է, միայն թէ միշտ բարեկարգուելու ետեւէ ըլլայ, կողմնակցութեան դրօշ կամ հակառակութեան ոգի մը ամենեւին պիտի չունենանք: Այս քաղաքական գործին լրագրաց տեսութիւն մըն ալ պիտի հետեւեցնենք, որուն մէջ ընտրանօք պիտի ջանանք ամփոփել ինչ որ եւրոպական կամ ազգային լրագրաց նշանակութեան արժանի հատուածներ գտնանք:

Խոսրով ու Մաքրուհի

Արեւմտահայերէն աշխարհաբարով առաջին վէպին նիւթը, ըստ գրականագէտներուն, արկածային է: Վէպին հիմնական կէտը Խոսրովի եւ Մաքրուհիի երազային սիրոյ պատմութիւնն է, որ կանխորոշուած էր ողբերգական վախճան ունենալ:

Պարոն Տիգրան Սիսակեան, ամուսնանալէն երկու տարի ետք, կը կորսնցնէ իր կինը եւ իր միակ դստեր՝ Մաքրուհիին հետ կը բնակի քաղաքէն հեռու բարձրութեան մը վրայ կառուցուած շքեղ ապարանքի մը մէջ: Հայրը իր աղջկան պզտիկ տարիքէն որակեալ եւրոպական կրթութիւն տուած է: Մաքրուհին կը տիրապետէր կարգ մը եւրոպական լեզուներու, կը նուագէր տաւիղի վրայ, ունէր հարուստ գրադարան, որ լի էր զանազան ազգերու բանաստեղծներուն եւ վիպասաններուն գիրքերով:

Մաքրուհին, այդպիսի միջավայրի մը մէջ հասակ առնելով, հակում ունէր դէպի գեղեցիկն ու վսեմը, եւրոպական կենցաղավարութիւնն ու ճաշակը:

Յովհաննէս Հիսարեան, ինչպէս գրականագէտները կը բնորոշեն, իր այս հերոսուհին ամբողջութեամբ կերտած է հայկական միջավայրէն, ազգային սովորոյթներէն, աւանդականութենէն շատ հեռու: Այդ կերպարը ստեղծելով՝ Հիսարեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այդ շրջանի կարգ մը հարցերուն վրայ, որոնք կ՚առընչուին կիներուն կրթութեան, անոնց դաստիրակութեան, բարոյական, գեղագիտական եւ այլ հարցերուն:

Իր ապրած հասարակութենէն կտրուած ըլլալով, հայկական աւանդական իրականութենէն դուրս ապրելով, միայն գիրքերու աշխարհին մէջ, բնական է, որ Մաքրուհին իր շուրջը միայն դատարկութիւն պիտի տեսնէր:

Խոսրովին հետ ան կը ծանօթանայ հետաքրքրական հանգամանքներու բերումով: Խոսրով, մանկութենէն որբ ըլալլով, ստիպուած կ՚ըլլայ ամէն միջոցի դիմել, ամէն աշխատանք կատարել, որպէսզի պահէ իր գոյութիւնը: Ան շատ երկիրներ կը շրջի, կը ծանօթանայ զանազան ազգերու, զանազան խաւերու մարդիկ կը ճանչնայ, կ՚իյնայ դժուար իրավիճակներու մէջ, բայց միշտ իր խելքին եւ ճարպիկութեան շնորհիւ դուրս կու գայ իրավիճակներէն: Հարուստ մարդոց հոգածութեամբ ան կրթութիւն կը ստանայ, սակայն ըլլալով բնոյթով անհանգիստ, չյարմարող, անհաշտ՝ հասարակական որոշ երեւոյթներուն հետ, կ՚որոշէ երկրէ երկիր թափառիլ: Իր խնամակալին տրամադրած նաւով ծովէ ծով կ՚անցնի, կ՚ըլլայ Եւրոպայի եւ Ասիոյ կարգ մը երկիրներուն մէջ եւ վերադարձի ճամբուն, հանդիպելով նաւաբեկութեան մը, ջուրին մէջ կ՚իյնայ: Զայն ափ կը հանեն Մաքրուհիին սպասաւորները: Եւ ատկէ ետք Մաքրուհիին եւ Խոսրովին միջեւ համակրանք մը կը յառաջանայ:

Մաքրուհին երիտասարդին մէջ կը տեսնէ տարիներ շարունակ իր երազած հերոսը, կը տարուի անով եւ երկուքը իրարու մէջ կը փնտռեն իրենց երազած մարդը: Անոնք երկուքն ալ հիասթափած կ՚ըլլան մարդկութենէն եւ կը ձգտին առանձնութեան, միայն բնութեան մէջ առանձնութիւնը սփոփանք կու տայ անոնց: Անոնք բնութեան մէջ կը տեսնեն օրինաչափութիւն, մինչդեռ մարդկային գործերը կը բնորոշեն իբրեւ տգեղ ու չար: Խոսրով չի հրապուրուիր նոյնիսկ Պոլսոյ շքեղ շէնքերով եւ ապարանքներով, նոյնքան հետաքրքական չի նկատեր նաեւ Եգիպտոսի բուրգերը, որ նոյնպէս տեսած է:

Հիսարեան բնութեան հետ ձուլուած կը նկարագրէ Խոսրովը: Սակայն հանգամանքներու բերումով, Խոսրովին եւ Մաքրուհիին սէրը վախճան կ՚ունենայ, եւ Խոսրով, չդիմանալով ատոր, ինքզինք ծովը կը նետէ: Ծանր վիշտէն անկողին կ՚իյնայ նաեւ Մաքրուհին եւ անկողինին մէջ անվերջ կը խորհրդածէ կեանքի իմաստին մասին՝ յանգելով ունայնութեան: Ան նոյնպէս կը մահանայ:

Ժամանակին գրականութեան տեսութեան մասնագէտներ, գնահատելով Հիսարեանի վէպի մանաւանդ լեզուն եւ բնութեան տեսարաններուն աղուոր նկարագրութիւնը, քննադատած են վէպը այն առումով, որ հեղինակը չէ կրցած ստեղծել ազգային վէպ, եւ եթէ չըլլային հերոսներուն հայերէն անունները, յայտնի չէր ըլլար, թէ ինչ միջավայրի ծնունդ է ստեղծագործութիւնը: Զուրկ ըլլալով ազգին եւ հասարակութեան ծառայելու փափաքէն՝ հերոսները կը փախչին մարդկութենէն եւ կը տրուին իրենց անձնական ապրումներու տուայտանքներուն, որոնց մագիլներուն մէջ ալ վերջ կը գտնէ անոնց կեանքը:

Այնուհանդերձ, այս վէպը արժէք ստացած է իբրեւ արեւմտահայերէն աշխարհաբարի առաջին լայնածաւալ ստեղծագործութիւնը, որուն լեզուն իր ետեւէն ճամբայ բացած է նաեւ այլ գրողներու: Հարկ է նշել, որ նախանցեալ դարավերջին ապրած հեղինակը ստորագրած է նաեւ Մամփրէ Յովհաննէս Հիսարեան անունով: Իր մահէն 102 տարի յետոյ հարկ է մէկ անգամ եւս արժեւորել կրթական գործիչի, խմբագրի, գրողի անցած ուղին, որ ծառայած է իր ժողովրդին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 9, 2018