«ԿՈՒԿԼ»Ի ՎՐԱՅ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՉԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ դեռ դպրոցական էինք, ու մեզի կը յանձնարարուէր կարդալ սա կամ նա անգլերէն բանաստեղծութիւնը, երբեք չէինք մտահոգուեր, երբ չհասկնայինք զայն: Կը բաւէր, որ պահ մը մտնէինք «Կուկլ», գտնէինք վերլուծական յօդուած մը ու պարզապէս կարդայինք: Եւ հարցը կը լուծուէր տեղւոյն վրայ: Սակայն հայերէնի պարագան այս չէ. երբ խեղճ աշակերտը մէկէնիմէկ կը յայտնուի նման իրավիճակի մը մէջ, ան ստիպուած է աջ ու ձախ հարցնելու՝ առ ի չգոյէ իրեն անհրաժեշտ աղբիւրներու: Արդ, նման վերլուծական յօդուածներ մեծապէս կարեւոր են ոչ միայն աշակերտներու, այլ նաեւ սովորական ընթերցողներու համար:

Սկսելու համար ըսեմ, որ յօդուածները պէտք է ըլլան հնարաւորինս պարզ, հակիրճ ու հեռու մնան աւելորդ մանրամասնութիւններէ: Ինչպէս ըսի, մեզի անհրաժեշտը ոչ թէ լուրջ մենագրութիւն, այլ ընդամէնը բացատրական կարճ յօդուածներ են:

Սա կը նշանակէ, որ գրողը պիտի չհագնի գրաքննադատի հանդերձանքը, այլ միմիայն պիտի «վերարտադրէ» տեսանելին: Այլ խօսքով՝ ան պէտք է ունենայ ճիփուճիշդ ուսուցիչի մը մօտեցումը. կարելի եղածին չափով դիւրացնել գրական գործին ընկալումը (ինչպէս գիտէք, մարդ կրնայ ըմբոշխնել կարդացածը, մի՛այն երբ զայն ընկալէ):

Աւելորդ է նշել, որ սա լուրջ ծրագիր է, եւ մէկ հոգի չի յաջողիր գլուխ ելլել անոր հետ: Ուստի պէտք է ի մի հաւաքել այս բնագաւառին մասնագէտներն ու զանոնք գործի լծել առաւելագոյն կազմակերպուածութեամբ:

Նախ նպատակայարմար է սկսիլ մեր դասական գրողներու ամենայայտնի գործերով, ըլլան անոնք արձակ թէ բանաստեղծութիւն: Կարծեմ անուններ տալու կարիք չկայ. թէ՛ գրողները, թէ՛ անոնց կարեւորագոյն գործերը ծանօթ են բոլորիս:

Ի հարկէ գիտենք, որ գրաքննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ լոյս տեսած են անցեալին. ներկայիս ալ լոյս կը տեսնեն բնակաբանար: Սակայն իրողութիւնը այն է, որ անոնք տուեալ գրողին գործերէն մէկ մասին անդրադարձած են եւ ոչ թէ զանոնք առանձին վերցնելով ուսումնասիրած:

Թէեւ բացառուած չէ, որ գոյութիւն ունենան այդպիսիք, այո՛, բայց կարելի է անվարան ըսել, որ անոնցմէ ոչ մէկը կը համապատասխանէ տուեալ չափանիշներուն: Նախ երկար են (ինչը բնական է), երկրորդ՝ անոնց լեզուն պարզ ու դիւրամատչելի չէ (սա նոյնպէս բնական է), երրորդ՝ ամէն քայլափոխի կան խորասուզումներ (սա աւելի քան բնական է):

Թոյլ տուէք փակագիծ մը բանալ հոս. ճիշդ ու սխալի խնդիր չէ, որ կ՚արծարծեմ այստեղ, այլ կը փորձեմ արդէն իսկ մեզի ծանօթ ուսումնասիրութիւնները դիտարկել որպէս առցանց աղբիւրներ՝ աշակերտին թէ հասարակ ընթերցողին համար:

Կրնա՞ն անոնք փոխարինողի դերը ստանձնել,- ո՛չ:

Եւ ակնկալել, որ իւրաքանչիւր գիրք բռնող առանց կողմնակի օգնութեան ընկալէ կարդացածը՝ առնուազն անիրատեսական է: Եթէ տուեալ անձը «խենթ» ընթերցող մը չէ, ան մտքի հասունութիւն ու պատրաստուածութիւն չի՛ կրնար ունենալ գեղարուեստական լուրջ գործերու թափանցելու եւ անոնց ուղնուծուծը հասկնալու:

Կը թուի մեծ ծրագիր ըլլալ այս մէկը, եւ, իրօք, այդպէս է, սակայն կարելի է զայն ինչ-որ չափով «փոքրացնել»՝ ճիշդ մասնագէտներու հետ աշխատելով: Սխալ «մասնագէտներով» կրնայ նոյնիսկ պետական հարցի վերածուիլ ան:

Հոս կայ կարեւոր կէտ մը եւս. ոլորտին մասնագէտներուն հետ մէկտեղ անհրաժեշտ է ի մի բերել նաեւ քերականագէտներ, եթէ կ՚ուզենք, որ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ: Որովհետեւ պայման չէ, որ գրականագէտը նաեւ քերականագէտ ըլլայ: Ուստի լեզուական անթերիութիւնը կը մնայ նոյնինքն քերականագէտին պարտականութիւնը:

Մէյ մը աչքի առաջ ունենանք «Նայիրի» եւ «Գրահաւաք» կայքերը. առաջինին մէջ ծայրէ-ծայր թուայնացուած է մեր հրաշալի բառարանագիրներուն կոթողային աշխատութիւններուն մեծ մասը. իսկ երկրորդին մէջ թուայնացուած են մեր հին թէ նոր թերթերուն ու հանդէսներուն գրեթէ բոլոր թիւերը:

Եթէ նման հսկայածաւալ աշխատանքներ կարելի՛ եղաւ գլուխ բերել, ապա անտեղի է մտահոգուիլը: Ուշ կամ կանուխ այս ծրագիրն ալ կեանքի կը կոչուի:

Կը մնայ ընդամէնը հովանաւոր ապահովել:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021