ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ մեր համայնքէն խումբ մը երիտասարդներու հետ։ Վերամուտի սեմին, «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ նորին սրբազնութիւնը հայրական օրհնութիւնն ու խրախուսանքը փոխանցեց մեր լիսէներու վերջին շրջանաւարտներէն խումբի մը, որու անդամները այս տարի պիտի սկսին համալսարան յաճախել։

Հաշուի առնելով թրքահայ իրականութեան մէջ երիտասարդութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւններու, զանոնք համայնքային կեանքին ներգրաւելու առաջադրութեամբ աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խումբ մը համախոհները ձեռնարկած էին այսպիսի հաւաքոյթի մը կազմակերպման։ Անոնք յուշանուէրներ ալ պատրաստած էին մեր նոր համալսարանականներուն համար։ Նորին սրբազնութեան համախոհներէն Տքթ. Թագւոր Անանի եւ Նաժտա Շատեանի գլխաւորութեամբ յառաջ տարուած էին պատրաստութիւնները։ Շաբաթ յետմիջօրէի հանդիսութեան ընթացքին անոնք հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Մեր համայնքի իգական սեռէ յայտնի գործիչներէն Ժագլին Քէօսէի ջանքերով իւրաքանչիւր համալսարանականի անուան առաջին տառով, հայերէն թռչնագիր ձեւաչափով յուշանուէրներ պատրաստուած էին երիտասարդներուն համար։ Թագւոր Անանի եւ Նաժտա Շատեանի ողջոյնի խօսքերէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս առթիւ ան երիտասարդներուն իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները յղելու առընթեր տուաւ խրատներ, որպէսզի համալսարանական ուսման լաւ շրջան մը անցընեն։ Միեւնոյն ժամանակ, նորին սրբազնութիւնը յորդորեց՝ երբեք չհեռանալ մեր համայնքային կեանքէն։

Յուշանուէրներու յանձնումէն եւ ելոյթներէն վերջ, հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ընդունելութեան սեղանի շուրջ անմիջական զրոյցով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019