ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ
Առողջապահութեան նման հասարակաց անհրաժեշտութիւն եւ իրաւունք է կրթութիւնը։ Կրթութիւնը, ըստ սահմանման, կարելի է բացատրել որպէս ընկերային հաստատութիւն, ուր հմտութիւններն ու գիտելիքները կը զարգացուին կամ ձեռք կը բերուին՝ ընդլայնելով անձնական հորիզոնները: Դպրոցական կրթութիւնը, միւս կողմէ, կ՚որոշուի տարեսկիզբի ծրագրերու միջոցաւ եւ կը կը բաժնուի ըստ խմբաւորման չափանիշներու. ինչպէս՝ տարիքը եւ հմտութիւնը որոշ հերթականութեամբ: Այսպէսով, ի՞նչ կայ այս ծրագրաւորուած ուսումնական ծրագրերու ֆոնին։
Ընկերաբաններու մեծամասնութեան կարծիքով՝ կրթութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ անհատներու՝ իրենց ներուժը զարգացնելու պարագային։ Այնուամենայնիւ, անոնք կը պնդեն, որ այս զարգացման գործընթացը պէտք չէ սահմանափակուի միայն դպրոցով։ Մարք Թուէյն կ՚ուզէր բացատրել, որ դպրոցները լաւագոյն մանկավարժները չեն՝ ըսելով. «Ես երբեք եւ երբեք թոյլ չեմ տար, որ դպրոցական կրթութիւնը խանգարէ իմ սեփական կրթութիւնը»։
Կրթութիւնը, ինչպէս առողջապահութիւնը, բարդ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային խնդիր է: Կրթուած հասարակութեան մը տնտեսութիւնը կրնայ բարձրացնել կրթութեան որակն ու մատչելիութիւնը։ Այս առումով զարգացած երկիրները պիւտճէի մեծ բաժինը կը յատկացնեն կրթութեան։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունի հասարակական-քաղաքական գործընթացի վրայ։ Քաղաքական տարբեր պայմաններով որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ կրթութիւն ստացած ուսանողներու մօտ կան զանազան անհատական տարբերութիւններ։
Մշակոյթի վերարտադրութեան գործին մէջ մեծ ներդրում ունին կրթական հաստատութիւնները, որոնք ստանձնած են տարրական պատասխանատուութիւն՝ ապահովելու համար հասարակութիւններու շարունակականութիւնը՝ մշակութային առումով: Յենլով այն հանգամանքին, որ կրթութիւնը ունի քաղաքական եւ մշակութային հիմք, մշակութային տարբեր հասարակութիւններ կը փափաքին բանալ իրենց դպրոցները եւ այնտեղ հասցնել իրենց նոր սերունդները։
Տնտեսապէս բարձր խաւը պետական կրթութենէն առանձնանալով հիմնեց մասնաւոր ուսումնական հաստատութիւններ եւ իր կրթութիւնը տուաւ պետական համակարգէն դուրս։ Այսպիսով, անհատը, որ կրթութիւն ստացած է տնտեսական վերնախաւի երեխաներու հետ, կը պահպանէ «արմատաւորուած» ընտանեկան յատկանիշներ, որոնք մինչ այժմ պահպանած է իր ընտանիքը: Այսպէսով, կրթութիւնը կ՚անդրադառնայ ո՛չ միայն այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան դպրոցի մէջ, այլեւ՝ հասարակութեան ուղղութեան եւ բարդ խնդիրներուն, թէ ինչպէ՛ս դաստիարակել ժամանակակից երիտասարդները համաշխարհայնացման շրջանին:
Իվան Իլիչ, որ կ՚ուսումնասիրէ թաքուն ուսումնական ծրագրերը, կ՚ըսէ, թէ մարդիկ աւելի քիչ կ՚ապաւինին իրենց ստեղծագործական ունակութիւններուն եւ գիտելիքներուն, բայց աւելի շատ կը վստահին արդիւնաբերական արտադրանքին: Օրինակ՝ առողջապահութեան ոլորտէն ներս աւանդական բուժումներն ու գործելակերպը լիովին անհետացած են «դիւանակալական» առողջապահական համակարգերու ամրացումէն ետք: Անհատը, որ իր խօսքը ունի իր առողջութեան վերաբերեալ՝ «մարդը իր բժիշկն է» կարգախօսով, աստիճանաբար այդ լիազօրութիւնը փոխանցած է առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն: Այս իրավիճակը կը յանգեցնէ անհատի անգործութեան՝ ինչպէս կրթութեան, այնպէս ալ առողջապահութեան ոլորտին մէջ: Իլիչ կը յայտնէ, որ այս կրթական համակարգը պէտք է կասկածի տակ դրուի։ Ան կը կարծէ, որ անգործութեամբ ստացուած գիտելիքը չի նպաստեր հասարակութեան զարգացման եւ անգործութեամբ ստեղծուած իրավիճակը հասարակութիւնը միշտ կը պահէ իր տեղը։ Ան կը քննադատէ կրթութեան չորս հիմնական գործառոյթները. վերահսկուող խնամքը, մասնագիտական դերերու նշանակումը, գերիշխող արժէքներու ուսուցումը եւ ընկերային հաստատուած գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերումը: Երեխաները, որոնք կը պահուէին հսկողութեան տակ՝ ինչպէս բանտերու մէջ, փողոց դուրս կը բերուէին եւ հեշտութեամբ կը վերահսկուէին: Այնուամենայնիւ, այս իրավիճակը կ՚ոչնչացնէր անոնց ստեղծագործականութիւնը: Հասարակական յառաջընթացները առայժմ կատարուած են ի հակադրութիւն «հաստատուած գիտելիքներուն եւ հմտութիւններուն», որոնք ընդունուած էին մինչ այդ: Դպրոցներու մէջ կարգապահութեան ազդեցութեամբ, որ այնքան ալ չի համապատասխաներ դասընթացքի պաշտօնական բովանդակութեան եւ զայն դասակարգուած ձեւաչափի մէջ դնելով՝ Իլիչի խօսքով, «կրաւորական սպառում» կը ներշնչեն՝ այսինքն առանց քննադատութեան ընդունիլ հաստատուած կարգը։
Իլիչ կը քարոզէր հասարակութեան կրթութիւնը բոլոր ոլորտներէ ներս եւ բոլոր տարիքի համար։ Ըստ իրեն, օրինական ուսուցման նիւթերն ու աղբիւրները պէտք է հասանելի ըլլան գրադարաններու մէջ եւ տեղեկատուական հարթակներու վրայ, որպէսզի ուսանողները կարենան հեշտութեամբ օգտուիլ անոնցմէ: Հաղորդակցութեան ցանցեր պէտք է ստեղծուին եւ տարբեր անհատներու զանազան ունակութիւններու վերաբերեալ տուեալներ պէտք է տրամադրուին եւ պահպանուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիտարկել անոնց կրթական կարգավիճակը: Իլիչի գաղափարները այս առումով անիրատեսական կը թուին, բայց դեռ արդի են եւ տակաւին կը քննարկուին։
Կրթութիւնը պէտք է առաջին հերթին մղէ ստեղծագործականութիւնն ու քաջալերէ բազմազանութիւնը: Կրթութիւնը այն է, ուր պէտք է դասաւանդուին առարկաներ, ո՛չ թէ լռելը։ Բոլորս ալ անպայման կը յիշենք մեր դպրոցական տարիները, երբ խօսողը կը պատժուէր։ Ուսումնական ծրագրի փառաբանումը եւ անհատի իմացականութեան թերագնահատումը կը սահմանափակեն ուսանողներու ստեղծագործական ունակութիւնները: Առանց ստեղծագործելու յառաջընթաց չի կրնար ըլլալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024