ՎԻՐԱՒՈՐԱՆՔ

Կինը մահացաւ եւ անոր քովը եկաւ Մահը։ Տեսնելով Մահը՝ ան խնդաց եւ ըսաւ, թէ պատրաստ է, իսկ Մահը հարցուց.

-Ի՞նչ բանի պատրաստ ես։

-Ես պատրաստ եմ Աստուծոյ քովը՝ դրախտ երթալու։

-Իսկ ինչպէ՞ս որոշեցիր, թէ Աստուած քեզ իր քովը պիտի առնէ։

-Ինչպէ՞ս։ Ես այնքան տառապեցայ, որ արժանի եմ Աստուծոյ սիրոյն ու կորովին։

-Դուն մասնաւորապէս ի՞նչ բանէ տանջուեցար։

-Երբ ես պզտիկ էի, իմ ծնողները զիս կը պատժէին անարդարաբար։ Անոնք կը ծեծէին զիս, անկիւն մը կը կանգնեցնէին, կը պոռային իմ վրայ, կարծես ես սոսկալի բան մը ըրած ըլլայի։ Երբ ես դպրոցական էի, իմ դասընկերները կը ծաղրէին զիս, կը ծեծէին ու կը նուաստացնէին։ Երբ ամուսնացայ, իմ ամուսինը տեւական կը գինովնար ու կը պղծէր մեր ամուսնական մահիճը։ Զաւակներս հիւծեցին իմ հոգին, այնուհետեւ, նոյնիսկ ներկայ չգտնուեցան իմ յուղարկաւորութեան։ Երբ ես կ՚աշխատէի, իմ տնօրէնը մշտապէս կը պոռար իմ վրայ, կ՚ուշացնէր իմ աշխատավարձը, հանգստեան օրերուն կ՚աշխատցնէր զիս, իսկ յետոյ, առանց վարձատրելու՝ հեռացուց զիս աշխատանքէ։ Իմ դրացիները զիս կը բամբասէին, կը զրպարտէին անբարոյականութեան մէջ։ Օր մըն ալ, գող մը յարձակեցաւ վրաս, գողցաւ պայուսակս եւ բռնաբարեց զիս։

-Իսկ դուն քու կեանքի հոլովոյթին ի՞նչ լաւութիւն ըրած ես։

-Ես միշտ բարեացակամ էի ամէնուն հանդէպ։ Կ՚երթայի եկեղեցի, կ՚աղօթէի, հոգ կը տանէի բոլորի մասին, ամէն բան կը բարդէի իմ ուսերուն։ Ես այնքան ցաւ զգացած եմ այս աշխարհին մէջ, որ ինչպէս Քրիստոս՝ արժանի եմ դրախտի…

-Շատ բարի…- պատասխանեց Մահը,- ես հասկցայ քեզ։ Մնաց փոքր մի օրինականացում։ Պէտք է ստորագրել պայմանագիր մը եւ ուղիղ՝ դէպի Դրախտ։

Մահը անոր երկնցուց թուղթ մը, որուն վրայ կար նախադասութիւն մը, որու տակ Կինը պէտք է դնէր սրանկիւն նշում մը։ Կինը նայեցաւ Մահին, կարծես անոր վրայ պաղ ջուր թափած ըլլային, ապա, ըսաւ, թէ չի կրնար այդ նախադասութեան տակ դնել սրանկիւն նշում մը։

Թուղթին վրայ կը գրէր. «Ես կը ներեմ զիս վշտացնողներուն, եւ կը խնդրեմ ներողութիւն անոնցմէ, որոնք ես վշտացուցի»։

-Ինչո՞ւ չես կրնար ներել բոլորին եւ ներո-ղութիւն խնդրել անոնցմէ,- հարցուց Մահը։

-Որովհետեւ, անոնք արժանի չեն իմ ներումին, որովհետեւ, եթէ ես ներեմ անոնց, կը նշանակէ, թէ ոչինչ պատահած է։ Կը նշանակէ, թէ անոնք պիտի չհատուցեն իրենց արարքներուն համար։ Իսկ ես ոչ մէկէ պիտի խնդրեմ ներողութիւն… Ես մէկու մը ոչ մէկ վատութիւն ըրի։

-Վստա՞հ ես։

-Անպայման։

-Ի՞նչ կը զգաս բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք քեզ այդքան վիշտ պատճառած են։

-Ես կը զգամ զայրոյթ, չարութիւն ու վիրաւորանք։ Անարդար է, որ ես մոռնամ ու սրբեմ իմ յիշողութենէն բոլոր այն չարիքները, զորս մարդիկ գործեցին ինծի հանդէպ։

-Իսկ ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ դուն ներես անոնց ու ձերբազատուիս այդ զգացումներէն։

Կինը պահ մը խորհեցաւ ու պատասխանեց, թէ ներքուստ պիտի զգայ պարապութիւն մը…

-Դուն, քու սրտին մէջ շարունակ զգացած ես այդ դատարկութիւնը։ Եւ այդ դատարկութիւնը արժեզրկած է քեզ ու քու կեանքը, իսկ այն զգացումները, որոնք դուն կը զգաս, իմաստ մը կը հաղորդեն կեանքիդ։ Այժմ պատասխանէ, թէ ինչո՞ւ կը զգաս պարապութիւն։

-Քանզի, ես միշտ կը խորհէի, թէ բոլոր անոնք, որոնք ես կը սիրեմ, եւ անոնք, յանուն որոնց ես կ՚ապրիմ, կը գնահատեն զիս, սակայն, ի վերջոյ, անոնք հիասթափեցուցին զիս։ Ես իմ կեանքը նուիրեցի իմ ամուսնոյն, երեխաներուն, իմ ծնողքին ու ընկերներուն, իսկ անոնք չգնահատեցին զիս եւ եղան անշնորհակալ։

-Նախքան Տէրը իր Որդւոյն հրաժեշտ տալն ու երկիր ուղարկելը, հուսկ ըրաւ արտայայտութիւն մը, զոր պիտի օգնէր վերջինիս գիտակցելու կեանքը իր մէջ, եւ ինք՝ կեանքին մէջ…

-Ինչպիսի՞ արտայայտութիւն,- հարցուց Կինը։

-ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՔԵԶՄՈՎ։

-Ի՞նչ կը նշանակէ այդ մէկը։

-Ահաւասիկ, ան ալ չհասկցաւ, թէ Աստուած ի՞նչ ի նկատի ունէր… Ըսել կ՚ուզէ, որ կեանքիդ մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր բանի համար միայն դուն պատասխանատուութիւն կը կրես։ Տառապի՞լ, թէ՞ ըլլալ երջանիկ - քու ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԴ է։ Ուրեմն, բացատրէ ինծի, թէ յատկապէս ո՞վ քեզի այսքան տառապանք պատճառած է։

-Կը պարզուի, թէ ես՝ ինքզինքիս,- դողդոջուն ձայնով պատասխանեց Կինը։

-Այսպէսով, դուն որո՞ւն չես կրնար ներել։

-Ինծի՞,- լացակումած ձայնով մը ըսաւ Կինը։

-Ներել ինքզինքիդ՝ կը նշանակէ, թէ կ՚ընդունիս սխալդ։ Ներել ինքզինքիդ՝ կը նշանակէ, թէ կ՚ընդունիս անկատարելութիւնդ։ Ներել ինքզինքիդ՝ ըսել է, թէ անկեղծ ըլլալ դուն քեզի հանդէպ։ Դուն ինքզինքիդ ցաւ կը պատճառէիր, ու կ՚որոշէիր, որ ատոր մէջ մեղաւոր է ամբողջ աշխարհը, եւ անոնք արժանի չեն քու ներումին… Եւ դուն կ՚ուզե՞ս, որ Աստուած քեզ ընդունի գրկաբաց։ Դուն կը կարծե՞ս, թէ Աստուած կը նմանի թուլամորթ ծերունիի մը, որ իր դուռը կը բանայ յիմարներուն ու քինախնդիր տառապեալներուն առջեւ։ Դուն կը կարծե՞ս, թէ Ան կատարեալ տեղ մը արարա՞ծ է այնպիսի մարդոց համար, ինչպիսին դո՞ւն ես։ Երբ կը ստեղծես քու անձնական դրախտը, ուր առաջին հերթին քեզի, այնուհետեւ՝ ուրիշներու համար ալ կ՚ըլլայ լաւ, այն ատեն կը բախես դռները երկնային բնակիչներու։ Իսկ մինչ այդ Աստուած ինծի հրահանգեց, որ քեզ նորէն երկիր ղրկեմ, որպէսզի դուն սորվիս ստեղծել աշխարհ մը, ուր կը տիրէ սէր ու հոգածութիւն։ Իսկ ան, որ չի կրնար հոգ տանիլ իր անձին, չարաչար կը սխալի, թէ ինք կրնայ հոգ տանիլ ուրիշներու։ Գիտես, թէ Բարձրեալը ինչպէ՞ս կը պատժէ այն կինը, որ կը կարծէ, թէ ինք կատարեալ մայր մըն է։

-Ինչպէ՞ս,- հարցուց Կինը։

-Ան անոր կը ղրկէ այնպիսի զաւակներ, որոնց ճակատագրերը կ՚ոչնչանան իրեն աչքին առջեւ…

-Ես հասկցայ… Ես չկրցայ վարուիլ այնպէս, որպէսզի իմ ամուսինը ըլլար սիրող ու հաւատարիմ։ Ես չկրցայ իմ զաւակները մեծցնել երջանիկ ու յաջողակ։ Ես չկրցայ վառ պահել իմ օճախը, ուր կը տիրէր խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւն… Իմ աշխարհի մէջ կը տառապէին բոլորը…

-Ինչո՞ւ,- հարցուց Մահը։

-Ես կ՚ուզէի, որ բոլորը ինծի խղճային ու կարեկցէին… Սակայն, ո՛չ մէկը խղճաց ինծի… Եւ ես խորհեցայ, թէ վստահաբար Աստուած ինծի կը խղճայ ու կ՚առնէ իր գիրկը։

-Յիշէ՛, աշխարհի երեսին՝ ամենէն վտանգաւոր մարդիկ անոնք են, որոնք կը փափաքին իրենց անձի նկատմամբ առաջացնել խղճահարութիւն ու կարեկցանք… Զանոնք կը կոչեն՝ «Զոհեր»… Ձեր բացարձակ տգիտութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ դուք կը կարծէք, թէ Աստուծոյ պէտք է զոհ մը։ Ան երբեք իր օթեւանէն ներս չ՚ընդունիր մէկը, որ ցաւէ ու տառապանքէ զատ բան մը չէ ճանչցած։ Հակառակ պարագային, այդ զոհը իր ապաստանի մէջ պիտի սերմանէ ցաւ ու տառապանք։ Ուրեմն վերադարձի՛ր, եւ սորվէ՛ սիրել ու հոգ տանիլ նախ՝ ինքզինքիդ, այնուհետեւ անոնց, որոնք կը բնակին քու աշխարհիդ մէջ։ Սակայն, մինչ այդ, անկիրթ ըլլալուդ համար ինքզինքէդ ներում հայցէ ու ներէ դուն քեզի։

Կինը գոցեց աչքերը եւ վերստին սկսաւ իր ճամբուն, սակայն այլեւս տարբեր անունով մը եւ ուրիշ ծնողներու մօտ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019