ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍ

Հոկտեմբեր ամիսը Մշակոյթի ամիս է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ եւ բազմերախտ հայրապետներէն՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց զայն Կոնդակով մըն ալ այդպիսի յայտարարած է, եւ իր գրութիւններէն մէկուն մէջ՝ «ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ» խորագիրը կրող, հետեւեալը արձանագրած է. «...ՀԱՍԿ-ի Յուլիս-Օգոստոս միացեալ համարի մէջ հրատարակուեցաւ Մեր Կոնդակը, որի մէջ պարզուած էր Հոկտեմբերը մշակոյթի պանծացման ամիս դարձնելու կարգադրութիւնը…: Ամենաթանկագինը մի ազգի համար նորա ստեղծագործ հանճարն է իւր արդիւնքներով. լեզուն, կրօնը, արուեստը, գրականութիւնը, գիտութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, որոնց գումարը ամփոփում ենք մշակոյթ բառի մէջ: Զօրացնել այդ ստեղծագործ հոգին, կենդանի պահել նորա բարոյական ուժերը, պաշտպանել եւ գուրգուրանքով խնամել անցեալի ժառանգութիւնները, որպէս զի նորա հետ օղակուի ե՛ւ ներկան ե՛ւ նոյն իսկ գծագրուի ապագայի հեռանկարը, իմացական ազգի յատկանիշն է եւ կարգաւորեալ գործունէութիւնը...: Ապաբաղդ է եղել մեր վիճակը քաղաքական տեսակէտով, բայց ամաչելու պատճառ չունինք հոգեւոր եւ մշակոյթային կեանքի մարզերում…: Գնահատենք մեր ստեղծագործական անցեալը, հաստատենք նորա արժէքի գիտակցութիւնը հայ ժողովրդի հոգու մէջ» «ՀԱՍԿ», 1946:

Շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Թարգմանչաց տօնը: Հոկտեմբերն ալ ինչպէս նշեցինք Մշակոյթի ամիս է, իսկ Թարգմանչաց սերունդը մեր մշակոյթի ամենէն հզօր մարտիկները ըլլալով, այս առիթով ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնցիի «Թարգմանութիւնը մշակութային շարժման մէջ» խորագիրով յօդուածը, լոյս տեսած «Հայ Կեդրոն» Հանդէս Մշակութայինի մէջ, Նոյեմբեր 1930-ին, էջ 5-7:

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՄԷՋ

Տօնեցինք ու փառաբանեցինք ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ։

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹ, բացատրութիւն մը այնքան մոգական, որքան պիտի չըլլար գուցէ եթէ ըսէինք՝ Հայ Թագաւորութիւն, Թագը, թէ իսկ ադամանդակուռ, կորսնցուցած է այժմ իր նախնական հմայքն ու արժէքը Թագապսակ գլուխ մը հազուադէպ չէ որ դատարկացած ըլլայ այն բովանդակութենէն՝ որ կը կոչուի իմաստութիւն:

Անթագ գլուխ մը կրնայ ունենալ զայն, այդ իմաստութիւնը, մեծագոյն չափով: Մենք այդպիսի գլուխով օժտուած կը գտնենք յաճախ ժողովուրդի ամենէն խոնարհ խաւերուն պատկանող անձեր։

Հաւաքականութիւններն ալ ունին իրենց անհատականութիւնները, եւ որակական արժէքներ՝ զորս կրնանք բնորոշել իմաստութիւն բառով: Իմաստութիւնը՝ իր հելլենական դասական առումով:

Ան մերթ տաղանդ է, մերթ հանճար. այսինքն, իմացական յատկութեանց բարձրակէտ մը՝ որուն կը հասնին սակաւ ընտրեալներ: Բայց հանճարն անգամ՝ անհատական նկարագրէն զատ՝ ունի նաեւ հաւաքական հիմք:

Ամէն զգացում կ՚ենթադրէ ընկերային փորձառութեանց կամ նուաճումներու կուտակում, հետեւաբար եւ գործակցութիւն որոշ համախմբումի մը պատկանող անհատներու:

Հանճարը կամ տաղանդը այսպիսի կուտակում մըն է, որ կը կրէ ցեղի մը կամ ազգի մը ոգին, եւ այդ ցեղի կամ ազգի հոգեկան մշակման բարձր կէտին հասած անհատին դրոշմը։

Այսպէս, երբ կ՚ըսենք Ս. ՄԵՍՐՈՊ,- իր անհատական սրտախօսիկ դէմքին հետ մեր մտքին առջեւ կ՚ունենանք անմիջապէս իր պատկանած ցեղին հոգեկան ապրումներու, իմացական նուաճումներուն բովանդակութիւնը ցուցաբերող խորհուրդը կամ խորհրդանշանը։ Երազին «ԱՋ ԹԵԹԸ», որ կը լուսաւորէ երկնող սրտին մէջ հայ տառերը, տեսլացած Ձեռքն է Սուրբին, բայց նոյն ատեն պատկերն է ստեղծագործող այն Ոգիին՝ որ դարերէ փոխանցուած ժառանգութիւնն է Հայ ցեղին։ -ՆԱՐԵԿԱՑԻ մը՝ բացառիկ մէկ յայտնութիւնն է նոյն ցեղին հոգեկան դիմանկարի մէկ աննման գծին։ Այսպէս մշակոյթի բոլոր հին ու նոր տիտանները:

Ցեղին հանճարները, սակայն, յաճախ ունին նաեւ այլ ենթահողեր։ Սեփական յոյզերէն ու խոհերէն զատ, որոնցմով կը փոթորկուին տուեալ ժողովուրդի մը հոգեկան աշխարհը, եւ գաղափարական նկարասրահներու կը վերածուին ուղեղները,- կան նաեւ հոգեկան- իմացական ուրիշ արտադրութիւններ, ուրիշ պատկերներ՝ որոնք կը ճոխացնեն այդ նկարասրահները:

Ամէն ցեղ եւ ազգ ունի իր առանձնայատուկ մշակոյթը, իր հոգին: Բայց այդ մշակոյթներն ու հոգիները անհաղորդ չեն երբեք իրարու: Եւ մշակութային այսպիսի հաղորդակցութիւններ անհրաժեշտ պայման են նոյնիսկ, ստեղծելու համար մարդկային տիպար եւ բազմադէմ քաղաքակրթութիւն մը՝ ձեւով ու խորքով համապատասխան հետապնդուած ընդհանրական բարօրութեան եւ երջանկութեան:

Հայ ցեղը չէր կրնար ընդդէմ երթալ այս շատ բնական առաջխաղացքին։ Ան, արդարեւ, շարունակական շփման մէջ է եղած, իր աշխարհագրական դիրքի բերումովն ալ, զանազան ցեղերու եւ մշակոյթներու հետ: Բայց իր կացքն ու դիրքը չեն եղած երբեք կրաւորականութիւնն ու ինքնուրաց անձնատուութիւնը: Ի բնէ օժտուած լաւագոյն ընդունակութիւններով՝ մօտեցած է ամենուն իր ունեցածին եւ անոր արժէքին լման գիտակցութեամբ եւ իմացական առեւտրականութեան մը սկզբունքներով, եթէ կարելի է այսպէս բացատրել։ Այսինքն, առած է ուրիշներէն ալ ինչ որ գտած է օգտակար եւ յարմար՝ մշակելու իրը, առատացնելու իր սեփականը, կատարելապէս իւրաշրջելով զայն: Ուշադիր ըլլալ հարկ է այս բառին,- ԻՒՐԱՇՐՋԵԼ asimilar, դուրսէն բան մը, եւ դարձնել զայն իրը, ամբողջպէս իրը: Բնախօսական օրինակով մը բացատրելու համար այս երեւոյթը, կրնանք աչքի առջեւ ունենալ մեր ֆիզիկական գոյութիւնն ապահովող սննդառութեան կերպը: Կ՚ուտենք կանաչեղէնն ու միսը, ընդեղէնն ու պտուղը, կաթնեղէնն ու կթեղէնը, եւ այլն, եւ իւրաշրջելով այդ բոլորը՝ մեր ստամոքսը կը հայթայթէ սրտին կենսատու արիւնը, եւ մարմնին՝ կենդանական ջերմոյժը, caloria:

Մեր մշակոյթը կը ներկայացնէ իմացական այսպիսի գործողութիւն մը:

Չենք խօսիր նախոսկեդարեան շրջանի մասին, զոր մշակութային աղքատութեան մը շրջանը յայտարարել՝ պիտի ըլլար ուրանալ ներքին արժէքն այն ծածկուած ու նախապատրաստուած հողին՝ ուսկի իր ծիլն ու ծաղիկը, բոյրն ու համն է առած մեր Ե.րդ դարու մշակութային հրաշալի շարժումը:

Մեսրոպ եւ իր գործը յանկարծական յայտնութիւններ չէին։ Երկար երկունքի մը եւ նախապատրաստուած հողի մը ծնունդն ու արդիւնքն էին անոնք, արդարեւ:

Բայց Մեսրոպ եւ իր գործը էին նաեւ յայտաբերումն այն ՈԳԻին՝ որ գիտէր ստեղծել, բայց գիտէր նաեւ առնել: Առնել եւ իւրաշրջել՝ ապա եւ տալու հզօր կարողութեամբ։

Թարգմանել բառով պիտի ուզէինք բացատրել իր առնելու այս իմաստութիւնը։ Իմաստութիւն մը՝ ողջմտութեամբ լուսաւորուած եւ ստեղծագործական կորովով առնականացած:

Թէ ի՜նչ եւ ի՜նչ չափով առած է նախ քան ոսկեդարը,- զայդ դժուար է որոշել: Բայց գիտենք բարեբախտաբար թէ ի՛նչ, ի՛նչ չափով եւ ի՛նչ եղանակով առեր է եւ կ՚առնէ նա՝ Մեսրոպեան դարէն սկսած միչեւ այսօր:

Առեր է եւ կ՚առնէ թարգմանաբար՝ ըլլայ այն գրաւոր թէ մտովի։ Բառը պէտք է առնել երկու իմաստով՝ առարկայական եւ ենթակայական։ Իսկ գրաւոր թարգմանութիւնն ալ հարկ է իմանալ երկու ձեւով,- բառացի եւ ազատ: Ազատ թարգմանութիւն կը նշանակէ թարգմանել գիրք մը՝ իր հոգիի պրիսմակէն անցունելով անոր ուղն ու ծուծը, եւ իւրաշրջել զայն՝ իր սեփական դրոշմը դնելով անոր վրայ:

Օրինա՞կ մը կ՚ուզէք,- Աստուածաշունչը: Այդ տիեզերական Գիրքը, ծնունդ սեմական մտքի, բայց իր կարգին ինքն ալ իւրացուած Հրէից կողմէ, եւ իր շատ մը մասերով սքանչելիօրէն իւրաշրջուած մշակոյթի մը:

Այս Գիրքին հայերէն վերածումը կոչուած է «ԹԱԳՈՒՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ», ոչ լոկ անոր համար որ ան հարազատ փոխադրումն է յունարէն բնագրին, իր կարգին թարգմանութիւն մը՝ թէեւ ոչ բոլորովին համաձայն այժմեան եբրայական բնագրին,- այլ վասնզի ան կը կրէ դրոշմը հայ մտածումին: Ծծուած եւ իւրաշրջուած է ան իր ոգիով ու ձեւով, թէեւ այս վերջինը մերթ կը մատնէ ազդեցութիւնը յունականին՝ լեզուական-քերականական ինչ ինչ յատկանիշներով, որոնք սակայն հնդեւրոպականին բունով լեզուական խնամութեամբ մըն ալ կրնան բացատրուիլ:

Բնորոշ եւ ճիշտ է Ս. Մեսրոպի կենսագիր՝ «սքանչելի» Կորիւնի բացատրութիւնը.- Աստուածաշունչը «ՀԱՅԵՐԷՆԱԽՕՍ, ՀԱՅԵՐԷՆԱԲԱՐԲԱՌ»:

Եւ այս ոգին կը գտնէք դուք, դարեր յետոյ, բովանդակալից վերածնունդով մը, Մխիթար Աբբայի սրբազան կղզեակին մէջ, տաղանդի մը միջոցով՝ որ ի միջի այլոց Հ. Ա. Բագրատունիինն է եղած: Հոմերոս հայերէնախօս եւ հայերէնաբարբառ դարձած, եւ՝ կրկնելու համար հմուտի մը կարծիքը՝ գերազանցութեան իսկ յաջողութեամբ հայացած:

Ուշագրաւ երեւոյթ է, ստուգիւ, մեր մէջ Թարգմանչական շարժումը, արուեստն ու Դպրոցը՝ Ե.րդ դարէն սկսած. իր արմատներն ունենալով մէկտեղ Դ.րդին մէջ:

Մեր մշակոյթը մասնաւորապէս անշուշտ գրական գետնի վրայ, ե՛ւ սեփական ստեղծագործութիւն է, ե՛ւ թարգմանութիւն: Եւ այս, մանաւանդ, Սահակ-Մեսրոպեան շրջանով սկսուած եւ այդ սուրբերով շնչաւորուած: Հոս է որ Սահակի դերը կը մօտենայ իր լծակցի կատարած հրաշքին:

Թարգմանչական արուեստը, Ոսկեդարուն մէջ, չէ բերած երբեք ստուերած այն ինքնատիպ դրոշմին՝ որ Հայուն ոգիինն է, անոր մշակութային արժէքներունը։ Ընդհակառակը, այդ մեծ շարժումին մէջ ան ունեցած է իր շատ խոշոր դերը, ստեղծելով գրականութիւն մը՝ որ թթխմորը պիտի կազմէր ապագայ աւելի ճոխ, բազմակողմանի ու բարձր գրականութեան մը: Աստուածաշունչէն մինչեւ Պղատոն ու Արիստոտել, մինչեւ առեղծուածային Հոմերոս, մինչեւ Տանթէ եւ Միլտոն, մինչեւ Հիւկօ եւ Զոլա, մինչեւ Շէյքսբիր եւ Կէօթէ, եւայլն, այդ թարգմանչական արուեստը մեր մշակոյթի ծաղկման ու ճոխացման բերած է իր անգնահատելի նպաստը:

Այս ճամբով մենք կարողացած ենք մշակութային խնամիութիւն մը ստեղծել բոլոր զարգացած ցեղերուն հետ եւ արժեցնել մեր մասնակցութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան կառոյցքին:

Թարգմանչական արուեստով է միայն, կը խորհինք, որ գուցէ ոչ հեռաւոր ապագայի մը մէջ, մեր իսկ ստեղծագործութիւնները պիտի կարողանանք մատչելի եւ հրապուրիչ դարձնել օտար հորիզոններու տակ ծնած, հասակ նետած ու կրթուած մեր նոր սերունդին, կենդանի պահելու համար անոնց մէջ գոնէ իրենց նախնեաց մշակութային եւ քաղաքակրթական արժէքին գիտակցութիւնը. եւ ատով՝ իրենց ցեղային գիծը անաղարտ պահելու նախանձախնդրութիւնը, իմաստութիւնն ունենալով առնել եւ իւրաշրջել ինչ որ կը գտնեն իրենց ապրած միջավայրներուն մէջ իբր մշակութային արժէք (Գ. Ե. Տ.):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021