ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ «ԱՆՁՐԵՒ»ՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱՆ

Անձրեւը սեւագորշ ամպերէն կախուած ցնցուղի նման յանկարծ համակ բնութիւնը իր տարափին տակ կ՚առնէ։ Անձրեւը բնութեան ամենամեծ բարիքներէն է, որ սերտօրէն կապուած է մարդու կեանքին հետ։ Սակայն շռնդալի ու կարկուտախառն անձրեւը երբեմն անհաշիւ կը հարուածէ՝ տուներ կործանելով եւ զանազան աւերներ գործելով։ Քննադատութեան անձրեւը նոյնպէս երբ յորդառատ է, մարդու կեանքը կ՚աւերէ ու ջրամոյն կ՚ընէ։ Քննադատութիւնը անձրեւի նման է։ Անձրեւը երբ ջրառատ է, կրնայ ծաղիկին արմատները վնասել ու խեղդել, նոյնպէս ալ անչափաւորուած քննադատութիւնը կրնայ մարդս յուսալքել եւ վատ ազդեցութիւն թողուլ խնդրոյ առարկային վրայ։ Անձրեւը թոշնած բոյսերուն եւ ծաղիկներուն համար վերակենդանացնող բնոյթ ունի, այնպէս ալ առողջ քննադատութիւնը մեր արարքները կոփող ու կշռադատող, մեր միտքը սթափ պահող գործօն «ուժ» մըն է։

Քննադատութիւնը ընդհանրապէս տգէտ մարդուն յարիր արարք է եւ բամբասանքի առաջնորդող գլխաւորագոյն ճամբան։ Այսպիսի համբակ մարդիկ ուրիշներու քայլերը, արարքները կը վերլուծեն, կը բարկանան եւ կը սկսին այլոց վրայ մեղադրանքներու տարափ տեղացնել։ Զարմանալին այն է, որ անոնց արտաբերած քննադատութիւնները ճշմարտութեան հետ երբեք առնչութիւն չունին, այլ կապուած են անոնց նեխած սրտէն ծնունդ առած ճոռոմաբանութեան ու զրպարտութեան։ Նմանօրինակ գիտոսիկ-քննադատներ թերագնահատելով իրենց ընկերոջ արժէքը՝ ենթագիտակցօրէն կը փորձեն իրենց անարժէք «արժէք»ը բարձրացնել, իրենց կարեւորութիւնը շեշտել եւ ուրիշներու ուշադրութիւնը գրաւել։ Քննադատութիւնները փոստային աղաւնիի նման են, որոնք շատ չանցած տուն կը վերադառնան եւ այնտեղ վերջնականապէս կայք կը հաստատեն։ Վերադարձող քննադատութիւնները խայտառակող եւ ամօթահարող բնոյթ ունին։ Դուն ալ այդ նոյն անհիմն քննադատութիւնները շատերու հասցէին հնչեցուցած էիր, բամբասած էիր եւ քանիցս ծեքծեքած էիր, իսկ այսօր այդ բոլորը անկոչ հիւրի նման քեզի «այցելած» են։

Քննադատութեան ամենալաւ տեղը հայելին է։ Քննադատող մարդը իր հոգիի «տան» մէջ գտնուող «հայելի»ն վաղո՜ւց կոտրած կ՚ըլլայ։ Այդ «հայելի»ին դիմաց քննադատ-նախանձոտ մարդը կրնար իր հոգւոյն նեխածութիւնը, քինախնդրութիւնը, շողոքորթութիւնը տեսնել եւ իր այդ անմարդկային վերաբերմունքէն դադրիլ։ Այդպիսիք քանի մը բառեր իրարու քով բերելով՝ տեսութիւններ կը պարզեն, մարդկային արժէքներու մասին կը խօսին, սակայն իսկութեան մէջ այդ տեսութիւնները միայն բառեր են եւ ո՛չ՝ ապրում։ Դատաւոր-քննադատը նախքան տեսութիւններ պարզելը, դատաւորի «համազգեստ»ով վճիռներ արձակելը, պէտք է գիտնայ, որ քննադատութիւնը անձնական շահերու մտադրութեամբ, քինախնդրութեան եւ թշնամութեան զգացումներով լի «բեմահարթակ» մը չէ, ոչ ալ վրէժ լուծելու միջոց է։ Քննադատներ կան, որոնք իրենց ընկերը կամ գործընկերը անխնայ կը հարուածեն, կը նուաստացնեն, իրենց «մուրը կը հանեն»՝ մինչեւ որ իրենց համեստ ընկերոջ հոգեկան վիճակը ամբողջապէս քարուքանդ կ՚ընեն։

Մանկավարժներ դիտել կու տան, որ երեխան կ՚ուզէ միշտ իր շրջապատի ուշադրութեան կեդրոնը գտնուիլ։ Երբ ընտանիքը այլ զաւակով մը կը համալրուի, առաջին երեխային հոգւոյն մէջ նախանձը կը սկսի բոյն դնել, որուն իրբեւ հետեւանք՝ ան կը սկսի իր նորածին եղբօր կամ քրոջ նկատմամբ թշնամութիւն, ոխակալութիւն դրսեւորել։ Անզգալաբար կը սկսի տրտնջալ, իր եղբօր արարքները քննադատել եւ նոյնիսկ ձեռք բարձրացնել անոր վրայ։ Ահա այստեղ կը կայանայ մօր դերը. իր զաւակին հետ սիրոյ եւ ընտանիք հասկացողութեան մասին խօսիլ՝ անոր մէջէն վանելով ատելութեան, վրիժառութեան եւ քննադատութեան «որոմ»ները։ Բարոյական դաստիարակութիւնը ամբողջութիւնն է այն միջոցներուն եւ ազդեցութեանց, որոնք կը գործադրուին մանուկին մէջ բարոյական զգացումները մշակելու. առաքինի սովորութիւններ ստանալու եւ երեխային գործունէութիւնը դէպի բարին ուղղելու համար։ Մանկավարժ Լոք կ՚ըսէ. «Հայր մը իր զաւակին մէջ պէտք է մէկ բան ցանէ՝ առաքինութեան սերմերը։ Գիտութիւնը յետոյ կու գայ»։

Եթէ կ՚ուզես զաւակդ քննադատութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ չմեծնայ, այլ ընդհակառակը, լաւատես եւ ընկերասէր անձ մը դառնայ, փորձէ անոր բարոյական դաստիարակութիւն ջամբել։ Զաւակիդ բացատրէ, որ չքմեղանքը, զուր տեղ իր ընկերը ոտնակոխելը զինք ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնեն, այլ կը չարացնեն եւ ծոյլ կը դարձնեն։ Մանուկը պէտք է փոքր տարիքէն կամաց-կամաց հասկնայ, որ քննադատութիւնը ո՛չ կռիւ է, ո՛չ պայքար եւ ո՛չ ալ իրաւուքներու ձեռքբերման հարթակ։ Քննադատութիւնը ճշմարտութիւնը երեւան հանելու միջոց է եւ ոչ թէ մարդկային արժանապատուութիւնը զգետնելու գետին մը լոկ։ Գերմանացի մանկավարժ Տիսթըրուէկ խօսելով մարդու արժէքին մասին՝ կ՚ըսէ. «Մարդուն արժէքը իր սրտին մէջ է»։ Փորձէ զաւակիդ սրտին մէջ քննադատութեան փոխարէն՝ առողջ դատողութիւն, ոխակալութեան փոխարէն՝ սէր, նախանձի փոխարէն՝ զոհողութեան գաղափարները դաջել, որպէսզի անոր նկարագիրը ամուր հիմերու վրայ դրած ըլլաս։

Հոգեբանական պրիսմակէն դիտուած՝ քննադատութիւնը սերտ յարաբերութիւնները դէպի թշնամութիւն տանող պատճառներէն մէկն է։ Կարգ մը հոգեբաններ դիտել տուած են, որ կան մարդիկ, որոնք փխրուն սիրտ ունին եւ չեն ուզեր իրենց օգտին համար կատարուած քննադատութիւն մը իսկ լսել։ Այս իմաստով, քննադատութիւնը բացասական ազդեցութիւն կրնայ թողուլ նման մարդոց վրայ եւ անոնց վարքն ու հոգեկան վիճակը աւելի եւս վատթարացնել։ Քննադատութիւնը արժեզրկում է։ Մարդ արարածը ընդոծին եսասէր է եւ կ՚ուզէ անընդհատ գովաբանուիլ, իսկ զինք արժեզրկել՝ կը նշանակէ ընկերային կամուրջը հիմնովին քանդել։ Հոգեբան Սթիւըն Սթասնի խօսելով քննադատութեան ինչութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Քննադատութիւնը եսասիրութեան պաշտպանութեան դիւրին ձեւն է։ Մարդիկ կը քննադատեն, որովհետեւ կա՛մ արժեզրկուած են, կա՛մ վիրաւորուած են եւ կամ ինքնապաշտպանութեան կարիքը ունին»։ Քննադատող մարդիկ երբեմն իրենք զիրենք կը խաբեն, պատրուակելով՝ որ իրենք պարզապէս իրենց ընկերներուն խորհուրդ կու տան եւ անոնց բարիքը կ՚ուզեն։ Սթասնի համեմատական մը կատարելով քննադատելուն եւ խորհուրդ տալուն միջեւ՝ եզրակացուցած է. «Քննադատութիւնը սխալի վրայ կը կեդրոնանայ, մինչդեռ խորհուրդը կը փորձէ բարելաւել։ Քննադատութեամբ մարդու նկարագրային վատ գիծը խորապէս կ՚արմատանայ, իսկ խորհրդատուութեամբ վարքագիծը կը յղկուի։ Քննադատութիւնը կ՚արժեզրկէ, իսկ խորհուրդ տալը՝ կը խրախուսէ։ Քննադատութիւնը կը մեղադրէ եւ «հիմա»յով կ՚ապրի, իսկ խորհրդատուութիւնը ապագային վրայ կը կեդրոնանայ։ Քննադատութիւնը կը վերահսկէ, իսկ խորհրդատուութիւնը՝ կը յարգէ մարդու ինքնավարութիւնը, որոշումն ու ազատութիւնը…»։

Նպատակասլաց եւ յաջողակ մարդը միշտ ենթակայ է բացասական քննադատութեանց եւ ցեխարձակումներու։ Սա աշխարհի անգիր օրէնքն է։ Շատեր կրնան քննադատել քեզ որեւէ մէկ խօսքիդ կամ արարքիդ համար։ Քոնֆիշըս կ՚ըսէ. «Երբ տանդ շեմը աղտոտ է, դրացիիդ տանիքի ձիւնէն երբեք մի՛ դժգոհիր»։ Ճարտար քննադատները երբեմն իրենց տան կեղտը չե՛ն տեսներ եւ խոշորացոյցով իրենց հարեւանին տան ամէն մէկ անցուդարձը կը զննեն։ Եթէ ընկերդ տկար է կամ թերի գործ մը կատարած է, սա չի նշանակեր, որ զինք պէտք է քամահրես ու քննադատես։ Եթէ ընկերդ տկար անձնաւորութիւն մըն է, պէտք է անոր կողքին ըլլաս եւ ո՛չ թէ անոր վրայ խնդաս, ցաւին վրայ ցաւ աւելցնես ու զրպարտես։ Պահ մը դուն քեզի նայէ։ Ո՞վ ես դուն, ամենակարո՞ղ մը, շնորհալի՞ մը եւ կամ անփոխարինելի եւ կատարեալ անձնաւորութի՞ւն մը։ Ինչո՞ւ համար քննադատութեամբդ եւ պառաւանման լեզուովդ խեղճուկրակ մարդոց կեանքը անընդհատ կը խոչընդոտես ու կը դժուարացնես։ Կեանքդ ապրէ, սխալներդ ճշդէ, պատասխանատուութիւններուդ մէջ մի՛ թերանար եւ ուրիշները քննադատելու փոխարէն՝ դուն քեզ սրբագրէ ու կատարելագործէ։ Վստահ գիտցիր, որ դուն շատ աւելի թերութիւններ ունիս եւ քննադատութեան ենթակայ ես, քան՝ այն զոհը, որ լեզուիդ թիրախը դարձած է։

Քննադատութիւնը լաւ ու շինիչ է այն ատեն, երբ կառուցողական բնոյթ ունի եւ արդարութեան սկզբունքով կը գործէ։ Առողջ քննադատութիւնը իրողութիւնները տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտարկէ եւ կատարելութեան կը ձգտի։ Մարդիկ ընդհանրապէս իրադարձութիւնները, իրերը տարբեր դիտանկիւնէ կը վերլուծեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր արարած իր հմտութեամբ, իմացականութեամբ, դատողութեամբ, խորհելակերպով եւ խառնուածքով կը տարբերի։ Երբեմն հարազատներդ, ընկերներդ կը քննադատեն ո՛չ թէ քեզ չեն սիրեր կամ կը նախանձին, այլ կ՚ուզեն, որ աւելի եւս յղկուիս ու չսխալիս։ Աւելի լաւ է քննադատուիլ՝ շտկուելու եւ ուշքի գալու համար, քան՝ կործանիլ կեղծ փառաբանութիւններով եւ խօսքերով։ Նպատակասլաց եւ կամքի տէր մարդը գովեստի խօսքերուն դիմաց չի՛ շփանար եւ չ՚այլայլիր, քննադատական մօտեցումներուն դիմաց՝ չի՛ յուսալքուիր, հակառակութիւններու դիմաց՝ չ՚ընկրկիր ու չի՛ տկարանար, ծափահարութեանց առջեւ՝ ինքզինք շոյուած ու փայփայուած չի զգար։

Երբ մարդիկ կ՚ուզէին քարկոծել Մարիամ Մագթաղենացին, Քրիստոս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յհ 8.7)։ Անմե՞ղ մըն ես, որ մեղաւորները կը դատապարտես։ Արդա՞ր մարդ ես՝ անարդարները քննադատելու համար։ Անսխալակա՞ն արարած մըն ես՝ այլոց սխալները պախարակելու եւ մատնացոյց ընելու համար։ Ճշմարտութիւնը ջատագովո՞ղ մըն ես՝ ուրիշները ստախօս կոչելու համար։ Կատարեալ էա՞կ մըն ես՝ նմանակիցներդ անկատար կոչելու համար։ Անբիծ հոգի ունեցող անհա՞տ մըն ես՝ ընկերներդ կեղծաւոր անուանելու համար։ Եթէ կ՚ուզես ընկերդ քննադատութեամբ սրբագրել, նախեւառաջ պէտք է առանց վիրաւորելու սրբագրելու ձեւը գիտնաս։ Ընկերդ սրբագրել չի՛ նշանակեր յարձակիլ անոր վրայ։ Զգետնելով եւ անտեսելով չե՛ս կրնար ուրիշը ուղղութեան բերել։ Անճիշդ սկզբունքներով չես կրնար ուրիշը ճշդել։ Մէկու մը սխալը կամ մեղքը ցոյց տալ չի՛ նշանակեր հրապարակել զայն։ Պիտի ուզէի՞ր, որ մարդիկ տկարութիւններդ այստեղ-այնտեղ քննարկէին, ծիծաղէին եւ ծաղրէին քեզ։ Ի՞նչ զգացում պիտի ունենայիր։ Քեզի պէս քննադատներու պատճառաւ, ամէն օր բազմահազար սրտեր կը ճմլուին, կեանքեր կը կը կործանին։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ 7.1-2)։

Օր մը, տարեց մարդը եւ իր թոռնիկը իրենց աւանակին հետ միասին գիւղէն քաղաք կը վերադառնային։ Տղան աւանակին կ՚ուղեկցէր, իսկ ծերուկը աւանակին վրայ նստած էր։ Երբ անոնք առաջին գիւղէն կ՚անցնին, քանի մը բնակիչներ կը սկսին բարձր ձայնով ըսել.

-Այս անխիղճ ծերուկին նայեցէք, աւանակին վրայ հանգիստ նստած է, իսկ անչափահաս տղան քալելով անոր կ՚ուղեկցի։

-Թոռնիկս, աւելի լաւ է մեր տեղերը փոխենք, դուն նստէ, իսկ ես քալեմ, հակառակ պարագային, միւս գիւղի բնակիչները մեզ պիտի վիրաւորեն ու անպատ-ւեն,- կ՚ըսէ ծերուկը։

Անոնք տեղերով կը փոխուին։ Տղան աւանակին վրայ կը նստի, իսկ ծերը կը սկսի քալել։ Սակայն յաջորդ գիւղի մէջն ալ քննադատութեան կ՚ենթարկուին։

Այս եսասէր տղային նայեցէք, ո՛չ յարգանք եւ ոչ ալ գիտակցութիւն ունի։ Աւանակին վրայ հանգիստ նստած է, իսկ խեղճ մեծ հայրը դժուարութեամբ կը քալէ։

Այս խօսքերը լսելով՝ կ՚որոշեն աւանակի վրայ չնստիլ եւ զայն հանգիստ ձգել։ Ուստի, կը սկսին քալել։ Բայց երբ երրորդ գիւղէն կ՚անցնին, բնակիչները կ՚ըսեն.

- Այս երկու յիմարներուն նայեցէք։ Անոնք աւանակ ունին, սակայն կը նախընտրեն ոտքով քալել։

Գիւղը անցնելէն ետք, ծերուկը պահ մը կանգ կ՚առնէ, կը մտածէ եւ հետեւեալ եզրակացութեան կը յանգի. «Խորքին մէջ կարեւոր չէ, թէ դուն ի՞նչ կ՚ընես։ Ինչ որ ալ ընես, մարդիկ քեզ միշտ պիտի քննադատեն»։

Սիրելի՛ ընթերցող, մարդոց ապառողջ քննադատութիւնը անձրեւի տարափի նման է, որ անդադրում եւ անողորմաբար կը տեղայ։ Կը տեղայ աւերելու, խեղելու, կեանքիդ բոլոր ճանապարհները փակելու, քեզ հոգեպէս ընկճելու եւ անել վիճակի մէջ ձգելու համար։ Արիստոտէլ կ՚ըսէ. «Քննադատութենէ խուսափելու համար՝ միայն մէկ ճանապարհ կայ. ո՛չ մէկ բան ըրէ, ո՛չ մէկ բան ըսէ եւ ո՛չ մէկ բան եղիր»։ Արիստոտէլի ըսածը պէտք չէ տառացիօրէն հասկնալ։ Ի՛նչ ալ ընես, ի՛նչ բարձունքի ալ հասնիս, յաջողութիւններ ձեռք բերես եւ մարդոց հետ լաւ վերաբերիս, անոնք պիտի շարունակեն քեզ քննադատել եւ «մածունին մէջ մազ փնտռել»։

Բարբաջող քննադատները շարունակ պիտի ուզեն իրենց «արժէք»ն ու «կարողութիւն»ը բարձրացնել եւ հրապարակայնացնել՝ հիմնուելով բացթողումներուդ եւ կիսաւարտ գործերուդ վրայ։ Քննադատութեանց ականջ մի՛ տար եւ սրտիդ մօտիկ մի՛ ընդունիր։ Եթէ անհիմն է կատարուած քննադատութիւնը՝ անտեսէ։ Եթէ անարդար քննադատութիւն է՝ մի՛ բարկանար, այլ ժպտայ։ Իսկ եթէ արդարացի է՝ այդ առիթէն օգտուէ։ Միշտ մտաբերէ, որ կեանքիդ մէջ անձրեւներ պիտի տեղան, բայց կարճ ժամանակ մը ետք կեանքիդ արեւը պիտի ծագի եւ այդ անձրեւի ջուրերը ցամքեցնէ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017