ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՏԻԵԶԵՐՔ՝ MARVEL

Արուեստի պատմութեան մէջ մարդիկ գրի առած եւ կամ նկարած են երեւակայական աշխարհներ եւ կերպարներ։ Այս երկու հանգամանքը տասնամեակներ շարունակ կը համադրուին պատկերազարդ գրքոյկներու (comics) մէջ, որոնք թէ՛ արուեստական եւ թէ գրական արժէք ունին։ 

Անկասկած եղած են մարդիկ, որոնք իրենց դասագիրքերուն միջեւ թաքցնելով կարդացած են պատկերազարդ գրքոյկներ եւ ո՛վ գիտէ որքան յիշատակներ գունաւորուած են այս գրքոյկներու մելանով։ 20-րդ դարու սկիզբին ստեղծուած գրական այս նոր ձեւը, անշուշտ երկար ժամանակի ընթացքին, ընդունելի դարձած է ընթերցասէրներու կողմէ, սակայն այժմ անոնք դարձած են որպէս գրական արուեստի սեռ։ 

Պատկերազարդ գրքոյկներ թողարկող ամերիկեան երկու ընկերութիւններէն մին է Marvel Comics-ը, որ հիմնադրուեցաւ Մարթին Կուտմընի կողմէ 1939 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ։ Ընկերութիւնը գործել սկսաւ Timely Comics անուան տակ, որ տարիներ վերջ վերանուանուեցաւ՝ իբրեւ Marvel։

Գունագեղ գրքոյկներու մէջ պատկերուած կերպարներու մեծամասնութիւնը յօրինուած տիեզերքներու մէջ ապրող, իւրայատուկ կարողութիւններ ունեցող գերհերոսներ են, որոնք հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն ու կը պայքարին մարդկութեան համար վտանգ ներկայացնող արարածներու կամ այլմոլորակային ուժերու դէմ։ Marvel-ի հարուստ գրադարանը կազմուած է աւելի քան ութ հազար կերպարներէ։ Marvel Comics-ի աւելի քան եօթանասուն տարուայ պատմութեան ընթացքին ստեղծուած են բազմաթիւ հանրաճանաչ հերոսներ, որոնցմէ ամենայայտնիներէն են Երկաթէ մարդ, Սարդ մարդ, Հալք, Թոր, Սեւ յովազ եւ այլն։ 1993 թուականին հիմնադրուեցաւ Marvel Studios շաժանկարներու արտադրութեան ընկերութիւնը, որ տեղակայուած է Գալիֆորնիոյ մէջ։ Marvel Studios-ի երդիքին տակ կ՚արտադրուին Marvel-ի տիեզերքի անզուգական կերպարներու մասին շարժանկարներ ու հեռուստաշարեր, որոնց իւրաքանչիւրը կը կազմէ շարժանկարային տիեզերք մը (Marvel Cinematographic Universe): Վերջինս մօտաւորապէս 17 միլիառ շահոյթով աշխարհի  ամենահասութաբեր ֆիլմաշարերու կարգին կը զբաղեցնէ առաջին տեղը։ Շարժապատկերներուն մէջ կը գտնուին շարժանկարները զիրար կամրջող վերայղումներ, որոնք կը համախմբուին մէկ տիեզերքի մէջ։ Marvel-ի յայտնի հերոսներու հիման վրայ նկարահանուած միւս շարժանկարները նշեալ տիեզերքի մաս չեն կազմեր, քանի որ արտադրուած են ուրիշ ընկերութիւններու կողմէ։ Ընկերութիւնը որոշ ժամանակաշրջաններու ընթացքին դիմագրաւած է նիւթական դժուարութիւններ։ 2009-ին Walt Disney ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր անսահման երդիքին տակ ներգրաւած է Marvel ընկերութիւնը, որու գինը կը կազմէր 4.24 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Եթէ Marvel-ի մասին խօսելու ըլլանք, անպայման ամէնուն յիշողութեան մէջ պիտի ամրանայ Սթեն Լի անունը։ Ան ծնած է 28 դեկտեմբեր 1922-ին։ Փոքր տարիքին անոր հետաքրքրութիւնը հակած էր գրելու եւ նկարելու վրայ։ Լի դեռ տասնութ տարեկան հասակին դարձաւ Marvel-ի գլխաւոր խմբագիրը։ Իր ստեղծագործ երեւակայութեան արդիւնքները տեղ գտած են զանազան տարիքէ մարդոց գրադարաններուն մէջ եւ տարիներ շարունակ հրատարակած է բազում պատկերազարդ գրքոյկներ, որոնք դեռ եւս ունին հազաաւոր երկրպագուներ։ Քառասուն տարեկանին որոշեց հանգստեան կոչուիլ, սակայն կողակիցն ու դուստրը խրախուսեցին Լին՝ որպէսզի շարունակէ ստեղծագործել իր երազած կերպարները։ Ճէք Քէօրպի եւ Սթիւ Տիթքոյի նման յայտնի նկարիչ ու հեղինակներու հետ համագործակցելով Լի ստեղծած է եզական հերոսներ, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին դարձած են հանրածանօթ գերհերոսներ։ Լի կեանքը նուիրած էր վերոյիշեալ ընկերութեան զարգացման ու գոյատեւման ճանապարհին եւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան հետեւած է այս ուղիին։ Ան մեծ ջանքեր գործադրած է անթերիօրէն կատարելու համար անհրաժեշտ ամէն ինչ։ 1961-ին հրատարակեց «Հրաշալի քառեակը» (The Fantastic Four), որ լայն արձագանգ ստեղծեց աշխարհի չորս կողմերուն։ Լիի այս գործը կ՚առանձնանար իր բովանդակութեամբ. անոր մէջ պատկերուած են թէ՛ արտասովոր բազմատեսակ հերոսներ եւ թէ քաղաքական ու ժողովրդական շարք մը հարցեր։ Լի YouTube-ի վրայ ունի «հերոսներու աշխարհ» անուանեալ սեփական ալիք մը, ուր հրատարակուած են Marvel-ի ընտանիքի մասին կարեւոր տեսագրութիւններ։ Լի նաեւ հեղինակած է երկու գիրքեր, որոնց միջոցաւ իր ընթերցողները տեղեակ պահած է կերպարներու ստեղծման ընթացքին մասին։ 

Marvel Comics-է դուրս գալէ յետոյ Սթեն Լի կը ներկայանար ընկերութեան շարժանը-կարային տիեզերքի դրուագներուն մէջ՝ որպէս ընկերութեան ամենայայտնի դէմքը։ Ան 12 դեկտեմբեր 2018-ին՝ 95 տարեկանին աչքերը փակեց կեանքին, խոր սուգի մատնելով իր ազգականները, բարեկամները, հետեւորդներն ու համակիրները։ Ան իր մահէն առաջ կ՚աշխատէր նոր կերպարի մը ստեղծման համար, որ զայն անուանած էր «Աղտ մարդ»։

Հարկ է նշել, որ որոշ գրականագէտներու հետազօտութիւններուն համաձայն երեւան ելած է, թէ պատկերազարդ գրքոյկ ընթերցող երեխաներ միշտ սորվելու եռանդ ունեցող, արդար, հաւասար եւ բարի խորհող անհատներ կ՚ըլլան։ Անշուշտ բոլոր գիրքերը ունին եզական արժէք նկարագրի մը ձեւաւորման համար, սակայն վստահաբար պատկերազարդ գրքոյկները անգնահատելի տեղ գրաւած են երեխաներու սրտերուն մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2019