ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԲԱՐԵՄԱՂԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Ամանորը։ Վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Նոր տարուայ հանդէսին ժամանակ բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թատերակներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։ Անոնք հանդէսին պատրաստուած էին իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզն ալ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց՝ փոխանցելով իր բարեմաղթանքը։ Ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, անդամուհիներէն Ալին Փոմփիօղլու, ծնողներ եւ հիւրեր։

Բացի այս խրախճանքէն Գալֆաեան Տան երդիքին տակ շքեղ մրգասեղան մըն ալ սարքուեցաւ Ամանորի առթիւ եւ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներ եւ այլ պատասխանատուներ համախմբուեցան տօնական ուրախ տրամադրութեամբ եւ զիրար շնորհաւորեցին անկեղծօրէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018