ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԸ. «ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ»

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասնեւերրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեանի (ապա Արքեպսկ.) «Մկրտութեան խորհուրդը» խորագրեալ աւարտաճառը։

Սրբազան հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։

Սոյն հատորը նախապէս լոյս տեսած է 1907 թուականին։ Նկատի առնելով, որ սոյն գիրքը մաս կը կազմէ Արմաշական հայրերու ուսումնասիրական վաստակին, վերստին լոյս կը տեսնէ, որպէս մաս «Արմաշ» մատենաշարի։

Հատորը կը բաղկանայ 88 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող «Նախաբան»ը, հեղինակ Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի կենսագրականը, լուսանկարը, գիրքի առաջին անուանաթերթի նկարը եւ այլն։

Հատորը լոյս տեսաւ աշխատասիրութեամբ՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։ 

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ նախկին իսթանպուլահայ, այժմ լիոնաբնակ Փրոֆ. Յակոբ Սրկ. Թերզանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հօր՝ Զարեհի, մօր՝ Սօֆիի եւ քրոջ՝ Սօնայի։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019