ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՆՌՆՕՐՀՆԷՔ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարեմուտը եւս բնորոշուեցաւ աւանդական նռնօրհնէքով։ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան ներքեւ մեր համայնքը դիմաւորեց 2021 թուականը եւ այժմ բոլորը կը սպասեն զիրար ողջունելու Ս. Ծննդեան տօնական աւետիսով։

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խիստ սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ այս տարի հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն չունեցաւ Գումգաբուի մէջ մասնակցելու նռնօրհնէքի աւանդական արարողութեան։ Բայց եւ այնպէս, Պատրիարքարանը համապատասխան կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի մեր համայնքի անդամներու ընտանեկան յարկէն ներս հնարաւորինս զգալի ըլլայ հաւատքի ջերմեռանդութիւնը։ Այսպէս, Աթոռը երէկ կէսգիշերին ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեսասփռեց Գումգաբուի մէջ կատարուած նռնօրհնէքի արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ մասնակցութեամբ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներու։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2021