ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ վերջին օրերուն արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դպրոցի երդիքին տակ օրեր շարունակ տիրեց բարձր տրամադրութիւն, որմէ անմասն չմնացին ինչպէս աշակերտները, այնպէս ալ կրթական մշակներն ու դպրոցի վարիչները։ Այս բոլորէն վերջ կազմակերպուած հանդէսին ժամանակ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որով Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը շնորհաւորեց առողջութեան ու յաջողութեան բարեմաղթանքով։ 

Մինչ վարժարանի զանազան դասարաններէ տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով, Կաղանդ պատուկն ալ նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն։

Տարեմուտի արձակուրդին համար հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, փոխանակելով բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022