ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի ընտանիքը տարեմուտի առթիւ համախմբուեցաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած աւանդական հանդէսին ժամանակ։ Ստեղծուած արտասովոր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ տղաքը յաջող ելոյթներով հանդէս եկան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Երգերու, արտասանութիւններու, թատերակներու եւ պարերու ընդմէջէն բիւրեղացան Նոր տարուայ վերաբերեալ բարի ակնկալութիւններն ու Ս. Ծնունդի շրջանին բնորոշ շնորհաւորութիւններն ու հայցերը։

Տարեմուտի արձակուրդին ընդառաջ բոլորը իրարու հրաժեշտ տուին բարձր տրամադրութիւնով ու նոր տարիին զիրար վերագտնելու մաղթանքով։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022