ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Եթովպական եկեղեցւոյ հիւսիսային Շոա շրջանի առաջնորդ Տ. Ապունա Քեւստոս Եպսկ. Զեքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, նախընթաց օր յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց գերաշնորհ հիւրին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ ընդունելով քոյր Եթովպական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։

Տ. Ապունա Քեւստոս Եպսկ. Զեքարիաս յայտնեց, որ իր Իսթանպուլ գտնուելուն առթիւ փափաքած է այցելել Հայոց Պատրիարքարան եւ յանուն Եթովպական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մաթիաս Ա.-ի, շնորհաւորել Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

Իր կարգին, մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ իր ողջոյնները յղեց Եթովպական քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Ապունա Մաթիաս Ա.-ին։

Հիւրերը ապա այցելեցին «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանը, ուր տեղեկութիւններ ստացան թանգարանի տնօրէն Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէն։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020