ԶԵԿՈՅՑ՝ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆՑ

Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.

ա. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 4 ապրիլ 2021, կիրակիի համայնքային շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

բ. Յիշատակ մեռելոցի առթիւ 5 ապրիլ 2021, երկուշաբթի, ժամը 11.00-էն սկսեալ բաց են մեր գերեզմանատուները՝ գերեզմանօրհնէքի համար։ Իսկ Ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգը կը կատարուի 13.00-ին։

գ. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, քոյր եկեղեցիներու ու քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

դ. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 6 ապրիլ 2021, երեքշաբթիի Տիկնանց յանձնախումբերու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021