ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին ձօնուած շքեղ հանդէս մը։ Փառատօնի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որ ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին։

Ծրագրի առաջին մասը խորագրուած էր՝ «Երաժշտութեան խրախճանք»։ Վարժարանի սրահին մէջ գործադրուեցաւ այս փուլը՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի մականին ներքեւ։ Հանդիսավարներն էին Արեւ Սեթեան եւ Լուքաս Մըխճը։ Գարին Քիւչիւքօղլու արտասանեց ամփոփ խօսք մը, որու աւարտին ցուցադրուեցաւ Կոմիտասի կեանքի եւ գործունէութեան վերաբերեալ տեսաերիզ մը։ Տղաքն ալ նուագներով մասնակցութիւն բերին յայտագրին։ Այսպէս, Եւա Եթէրօղլու, Գայլա Թոփալօղլու, Ռայա Տուվարճը, Արի Էզկիլօղլու, Նայիրա Սերթշիմշէք, Արտա Թեքեան նուագեցին դաշնակ։ Արէտ Գահվէճիօղլու, Տանիէլ Քոթան, Արսէն Անդրէասեան եւ Ալիք Աթաօղլու նուագեցին կիթառ։ Ալիս Զենկինքուզուճուն ալ նուագեց ջութակ։ Ծրագրին մաս կազմեցին Կոմիտասի գործերու հիման վրայ աշակերտներու խմբերգներ։ Աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու գնահատանքի խօսք մը արտասանեց ծրագրին ներգրաւուած աշակերտներուն եւ կազմակերպիչ ուսուցիչներուն համար։

Կոմիտասի յիշատակին ձօնուած այս ձեռնարկին հետեւեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, դպրոցի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ, թաղեցիներ եւ հիւրեր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019