ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԿՂԶԵԲՆԱԿ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԱՍՏՂԵՐ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Սա միայն կայանի սաներուն ուղղեալ ծրագիր մը չէր, այլ կղզեբնակ մանուկներ ու պատանիներ ալ հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցութիւն բերելու անոր։ Մինչ գիտութեան ու մանաւանդ՝ փորձագիտութեան զարգացումները աստիճանաբար աւելի տեղ կը գրաւեն մարդկային կեանքի մէջ, Կազդուրման կայանէ ներս երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկն ալ համահունչ էր այս հանգամանքին։ «Փլանեթարիում»ի միջոցաւ տղաքը ճանապարհորդութիւն մը կատարեցին դէպի աստղերը։ Կազդուրման կայանի պատասխանատուները այս ձեռնարկը կազմակերպելու համար համագործակցած էին Իսթանպուլի համալսարանի Աստղագիտութեան ու անջրպետագիտութեան բաժնի շրջանաւարտներուն հետ։

Այսպէսով կղզեբնակ տղաքը եզակի փորձառութեան մը առիթը ունեցան՝ հաճելի ժամանցի մթնոլորտով զարգացուցին իրենց գիտելիքները։ Անոնք այս առթիւ աշխատանոցի մը մէջ պատրաստեցին նաեւ իրենց տիեզերագնացի դիմակները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019