ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԼՍՈՒՄՆԵՐ

2020-2021 կրթական շրջանի սկիզբին համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կը շարունակէ մնալ Էսաեան վարժարանի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարեշրջանի աւարտին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի տնօրինութեամբ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնավարութիւնը դադրեցուած էր։ Այդ շրջանէն ի վեր օրակարգի վրայ է այն անխուսափելի հարցումը, թէ Սաթենիկ Նշանին եւ Առլին Եշիլթեփէի ովքե՞ր պիտի յաջորդեն։ Վերամուտի ընդառաջ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի աղբիւրները տակաւին պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը չեն ըրած նոր տնօրէններու անուններուն շուրջ։

Համայնքային շրջանակներու վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ զանազան վարկածներու շուրջ խօսակցութիւնները կը խտանան այս շրջանին։ Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը որոշուած է յանձնել երիտասարդ կրթական մշակ Անիլտա Մանթօ Մենեքշէի։ Այս վերջինը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ուղեցոյց ուսուցչուհիներէն մին էր երկար տարիներէ ի վեր եւ հիմա արդէն Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնին կոչուած է։ Տատեանէ ներս ան փոխ-տնօրէնուհիի պաշտօն վարելու փորձառութիւն մըն ալ ունեցած էր։ Անիլտա Մանթօ Մենեքշէի նշանակման վերաբերեալ տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ կատարուած, սակայն, ըստ լսումներու, սա շատ հաւանական է եւ կարգադրութիւնը գրեթէ յստակացած։

Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի նոր տնօրէնուհիի պարագան տակաւին յարաբերաբար աւելի անստոյգ է։ Նկատի ունենալով, որ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհին ընտրուած է Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի անձնակազմէն եւ այս տարի փոխուած է նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհին՝ անխուսափելիօրէն մեկնաբանութիւններ կը կատարուին, թէ Տատեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ այդ տրամաբանութեամբ կրնայ դառնալ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի։ Այս անունը թէեւ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ կը գտնուի, սակայն, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի աղբիւրները պաշտօնապէս չեն հաստատեր համապատասխան լսումները։ Անցեալ տարեվերջին Ալիս Պայրամն ալ Տատեան վարժարանի պաշտօնը թողելու ժամանակ յայտնած էր, որ մտադիր է որոշ չափով հանգստանալու։ Ուստի, համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ կը շարունակէ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի նոր տնօրէնուհիի նշանակման հարցը՝ ներկայ վերամուտի շրջանին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020