ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։

Ժողովի բացման աղօթքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ապա ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ օժանդակութեան կոչերը անպաստխան չեն մնացած եւ օժանդակութեան աշխատութիւնները արդարօրէն ժողովուրդի ու բարերաներու համակրանքին արժանացած են։ Այս վերջինը իրականացած է, քանի աշխատութիւնները թափանցիկ ձեւով եւ քննութեան բաց դրութեամբ կազմակերպուած են։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ արտաքոյ յանձնախումբի գործող անձեր եւ հաստատութիւններ եւս համախմբուին մէկ հովանիի ներքեւ ու այդպէս շարունակեն իրենց աշխատութիւնը։ Այսպէսով աւելի ծաւալուն եւ զօրաւոր աշխատութիւնները՝ միասնականութեան եւ գործակցութեան ոգիով պիտի կատարուին։

Հանդիպման ընթացքին Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ մանրամասն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ ու սննդեղէնի, առողջապահական, դաստիարակչական, իրաւաբանական նիւթերու շուրջ տարուած գործունէութեանց եւ այս ուղղութեամբ ծառայութեան պատրաստ ենթայանձնախումբերու մասին տեղեկութիւն տուաւ։ Այս առիթով ան ծանօթացուց յանձնախումբի ղեկավարները եւ կամաւորները։  

Զեկուցումէն յետոյ ներկաներ խօսք առնելով օժանդակութեան աշխատութեանց ընթացքին իրենց ձեռք բերած փորձառութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Պատրիարք Հայրը կամաւորները մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց բոլորը ըսելով. «Բարութեան համար սիրով գործի լծուածներ թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ յաւիտենականութեան մէջ պիտի ստանան իրենց վարձքը»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020