ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Ալին Եիւճէլ։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին նախատեսուած է Սամաթիոյ տարեկան մատաղօրհնութիւնը՝ ի նպաստ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին հիւրերը մանրամասն բացատրութիւններ տուին թաղի կարիքներուն եւ վարժարանի գործունէութեան շուրջ։ Անոնք նշեցին, որ թաղային խորհուրդը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի դպրոցի տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռուի, իսկ մասնագիտական անձնակազմը հետամուտ է համայնքին կողմէ ներդրուած միջոցները լաւագոյնս արժեւորելու եւ դպրոցի կրթութեան մակարդակը բարձրացնելու։
Զրոյցի աւարտին անոնք յայտնեցին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի եւս կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան, որպէսզի կարելի դառնայ թաղի հաւասարակշռութիւնները պահպանել։ Ուստի, անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս զօրաշարժի մթնոլորտ մը ստեղծուի եւ մեր հաստատութիւններու կայունութիւնը պահպանուի։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024