ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ թարգմանիչ ու պրպտող Սիրվարդ Մալխասեան, որու ի պատիւ կազմակերպուած ձեռնարկին հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային միւս լիսէներէն աշակերտներ։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց վարժարանի ուսուցչական կազմէն բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ կենդանի զրոյց մը վարեց Սիրվարդ Մալխասեանի հետ։

Յայտագրին տեւողութեան կեանքի կոչուեցաւ նաեւ թարգմանչական աշխատանոց մը խորհրդանշական անուանումով բաժին մը։

Եզրափակիչ փուլին վարժարանի տնօրէնուհի Տենչա Չընար յիշատակ մը յանձնեց Սիրվարդ Մալխասեանին, որն ալ իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն։

Ծրագիրը աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի խօսքով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023