ՌՈՊԵՐԹ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՇԻՐԻՄԸ

Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան երէկ երախտագիտութեան տուրք մատուցեց՝ բարեյիշատակ մարզական գործիչ լուսահոգի Նազար Հանչէրի նկատմամբ։ Ռոպերթ Էմմիեան, որ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի, իր կեցութիւնը պատեհ առիթ համարեց հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին առջեւ խոնարհումը բերելու համար։ Այսպէս, Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ Ռոպերթ Էմմիեան աղօթեց Նազար Հանչէրի շիրիմին վրայ, ուր խոնարհեց թարմ ծաղիկներ։

Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Էմմիեան երկար տարիներու յարաբերութիւն մը ունեցած էր ողբացեալ Նազար Հանչէրի հետ։ Ան հանգուցեալի անձին մէջ միշտ ողջունած էր՝ այն համեստ ու պատրաստակամ մարզական սիրող գործիչը, որ ամենայն լրջութեամբ, ամէն ինչ կը կատարէր իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023