ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ու նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուն, որ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը մեզի տեղեկացուցին, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի նշելու երկու մեծ յոբելեաններ։ Այսպէս, 2019 թուականին պիտի տօնախմբուի թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Այս կրկնակ յոբելեաններուն ընդառաջ աստիճանաբար պատրաստութիւններու կը ձեռնարկէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին հիւրերը նշեցին, որ թէեւ յոբելենական ծրագիրը տակաւին վերջնականօրէն չէ ձեւաւորուած, սակայն թաղէն ներս կան զանազան խմորումներ, պիտի հասուննան զանազան գաղափարներ։ Պաքըրգիւղցիները կը նախատեսեն պատրաստել այնպիսի նախագիծ մը, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լաւագոյնս արժեւորել սոյն կրկնակ յոբելեանները։

2019-ի յոբելեաններուն ընդառաջ, յառաջիկայ Սուրբ Զատիկէն վերջ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս պիտի սկսին վերանորոգութեան աշխատանքներ։ Թաղային խորհուրդը իր միջոցներով հետամուտ պիտի ըլլայ այս ծրագրին՝ որպէսզի յոբելենական շրջանին եկեղեցին ըլլայ մաքուր ու բարեզարդուած։ Այժմու կանխատեսումներով, հաւանական է, որ յոբելենական շրջանի սկիզբը բնորոշուի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումով։

Պաքըրգիւղի ընտանիքը տեղին որոշում մը առած է՝ այժմէն պատրաստութեան ձեռնարկելով յոբելեաններուն համար։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պաքըրգիւղի այս տարուան սիրոյ սեղանին ժամանակ յայտարարուած էր, թէ յառաջիկայ շրջանին Տատեան վարժարանը պիտի վերածուի լիսէի։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018