ՇԻՇԼԻԻ ՓՈՔՐԻԿ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը վերջին շրջանին թափ կու տայ ընկերամշակութային բնոյթով զանազան ծրագրերու, որոնք ակումբի փոքրիկներու կազմաւորման տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Այս ամբողջին մէջ ակումբը յառաջ կը տանի «Մարմնամարզն ու փիլիսոփայութիւնը ձեռք ձեռքի» խորագրեալ աշխատանք մը։ Սա ութ շաբթուան իւրայատուկ աշխատանոցի մը նախագիծն է, որ կեանքի կոչուած է ակումբի վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթունի վերահսկողութեան ներքեւ։ Տիանա Ալթուն յղացած է այս ծրագրի գաղափարը եւ գլխաւորած՝ փոքրիկներու աշխատանոցը։ Իր համոզմամբ, մանուկներու մտածելու ընդունակութեան զարգացման եւ այլ կարողութիւններու կատարելագործման հնարաւորութիւն կը ստեղծէ այս աշխատանոցը։ Ութ շաբթուան ժամանակաշրջանի մը մէջ աշխատանոցի մասնակիցները նաեւ ունեցած են ներքին համոզում մը, զգացում մը, թէ համբերութեամբ ու առանց յուսալքուելու աշխատանքը անպայման կ՚ապահովէ յաջողութիւն։ Աշխատանոցի ընթացքին մասնակից պատանիներուն մօտ ամրապնդուած է նաեւ գիտակցութիւնը մարդկային առաքինութիւններու եւ համապատասխան արժէքներու ուղղութեամբ։ Այս բոլորը եղած են զանազան գործօններու ազդեցութեամբ. օրինակ՝ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, երեւակայութիւն, գիտական գիւտեր եւ այլն։

Աշխատանոցի ութ շաբթուան ծրագրի աւարտին մասնակիցները ստացած են վկայականներ։ Եզրափակիչ փուլի արժեւորումը ապացուցանած է, որ աշխատանոցի մասնակիցները նուազագոյն 85 տոկոսով կը յիշեն ութ շաբթուան տեւողութեան կատարուածները։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ամբողջութեամբ կը յիշեն այդ բոլորը։ Հետաքրքրական տուեալներէն մին ալ այն է, որ աշխատանոցի մասնակիցները ունին փափաքը շարունակելու համար մասնակցութիւն բերել նման ծրագրերու։

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը փոքրիկ փիլիսոփաներու ուղղեալ նման երկրորդ աշխատանոց մը կազմակերպել կը նախատեսէ յառաջիկայ ամիս։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018