YOLCU-Ի ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Yolcu ներկայացումը, որ կազմակերպուած է Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Պարաթատերական այս ձեռնարկին համար երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին նախապատրաստական աշխատանքներ։ Բեմադրիչ Լեւոն Թապէրեանի մականին ներքեւ բազմանդամ խումբ մը կ՚իրականացնէ այս ծրագիրը։ Երէկուան առաջին ներկայացումը իսկապէս փայլուն անցաւ եւ ներկաները մեծ գնահատանքով հետեւեցան երկար ժամանակէ ի վեր տարուած յամառ աշխատանքի յաջող արդիւնքին։

Լեւոն Թապէրեան այս ծրագիրը մշակելու ժամանակ առաջնորդուած է այն փիլիսոփայութիւնով, թէ կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է՝ իր ելեւէջներով եւ ատեն-ատեն ալ՝ փակուղիներով։ Ուստի, ան մեզ ամէն օր կ՚ենթարկէ փորձութեան, կը քննէ ու կը զարգացնէ։ Բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու ճանապարհը կ՚անցնի սէրէ։ Կեանքին իմաստ մը վերագրելու, աշխարհը եւ ամէն տեսակ էակը փրկելու համար կայ միակ միջոց մը, որն է սէրը։ Մեր մտածելու կարողութիւնով կը ձեւաւորենք մեր հոգին ու կրնանք ուղղութիւն մը տալ մեր զգացումներուն։ Լեւոն Թապէրեան համոզուած է, թէ եթէ յաջողինք առանց պայմանի սիրել, ապա նախ մեր ներաշխարհը, աւելի վերջ ալ ընդհանրապէս աշխարհը պիտի լուսաւորուին։ Ուստի, ան այս ծրագիրը կը նախատեսէ փորձ մը՝ մեր ներքին լոյսը ցոլացնելու համար դէպի դուրս։

Բեմադրիչ Լեւոն Թապէրեան պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս բարի համբաւ ձեռք բերած է ուրոյն ծրագրերով եւ այս մէկն ալ կու գայ համալրել այդ շարքը։

Հարկ է նշել, որ Yolcu-ի կալան յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ «Զօրլու» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020