ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներն ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Նորընտիր վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի անդամներուն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023