Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Ե­րէկ կէս գի­շե­րին Իս­թան­պուլ ժա­մա­նեց Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Այս ա­ռա­ւօտ ան այ­ցե­լեց Շիշ­լիի գե­րեզ­ման­տու­նը, ուր իր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Տ. Գա­րե­գին Արք. Խա­չա­տու­րեա­նի, Տ. Շնորհք Արք. Գա­լուս­տեա­նի եւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Գա­զան­ճեա­նի շի­րիմ­նե­րուն մօտ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ էին ընդ­հան­րա­պէս Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քէն հա­մայն­քա­յին դէմ­քեր։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու է եւ յա­ռա­ջի­կայ Չո­րեք­շաբ­թի Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ  պի­տի մաս­նակ­ցի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին, ո­րով պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պա­հը։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Իս­թան­պուլ ժա­մա­նե­լէ օր մը ա­ռաջ իր այ­ցե­լու­թեան մա­սին գրա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նա­խընտ­րած է ներ­կայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­ջե­ւա­նիլ պան­դո­կի մը մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017