ՊԷՅՕՂԼՈՒԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Ճերմակ ցանկի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Աքսել Թոփալեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց թեկնածուները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած են Պատրիարքարան, ինչ որ առիթ ընծայեց թեկնածուները ճանչնալու։ Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր թելադրանքներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023