ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտութեան խրախճանք մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ ձօնուած էր նախակրթարանի շրջանաւարտներուն։ Ներկայ էին Թոփգաբուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, դպրոցի պատասխանատուները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու, վարժարանի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչները, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։
Յայտագրի սկիզբին ելոյթներով հանդէս եկան Եդուարդ Հարբութ եւ ուսուցչուհի Լեռնա Էօլմէզ։ Աւելի վերջ գործադրուեցաւ օրուան ծրագիրը, որուն մէջ բաժին ստանձնած էին միջնակարգի եւ նախակրթարանի շրջանաւարտները։ Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն զանազան ելոյթներէ բաղկացեալ յայտագիր մը գործադրեցին անոնք՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Միջանակարգի շրջանաւարտները հրաժեշտի այս հանգրուանին շնորհակալութիւն յայտնեցին Թոփգաբուի ամբողջ ընտանիքին, որու բոլոր տարրերը մեծ զոհողութիւններ յանձն առած են իրենց դաստիարակութեան համար։ Ուսուցչուհի Ռիթա Ելէկէն եւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ողջունեցին շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթեցին բարի հրաժեշտ։ Աւելի վերջ տղաքը ստացան իրենց վկայականները։ Յաջող աշակերտներուն համար վերապահուած էին յաւելեալ նուէրներ։ Աւարտական դասարանի առաջինը՝ Մելինտա Կիւլիւք արժանացաւ «Սարայլը» հաստատութեան պարգեւին, զոր ստացաւ Շարլոթ Սարըչոպանի ձեռամբ։ Երկրորդ հանդիսացած Անիթա Չաքըր Սիլվա Թրիքայի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ՝ Վահրամ Գաբրիէլեանի կտակին շրջագծով։ Երրորդ հանդիսացած Արտա Քազ Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի ձեռամբ ստացաւ Մատլէն Արսլանեանի կողմէ հաստատուած յուշանուէրը։ Իր կարգին Վազգէն Վարդանօղլուն ալ բոլոր դասարաններու յաջողագոյններուն նուիրեց հեծանիւներ։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ հանդիսաւոր պայմաններով հատուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Յաջորդեցին դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութիւնը, որու ընթացքին բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց եւ ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները՝ բարեմաղթութիւններ յղելով անոնց ապագային համար։