ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԸՆԹՐԻՔ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ամառնամուտի ընթրիք մը։ Այս հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի միութեան հովանոցին ներքեւ ծաւալուած գործունէութեան վաստակաւորները մեծարուին եւ առարկայ դառնան Գատըգիւղի ընտանիքի երախտագիտական զգացումներուն։ Բացօթեայ ընթրիքին մասնակցեցան թէ՛ Գատըգիւղի ընտանիքէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ եւ թէ քաղաքի Ասիական ափի կառոյցներու վարչայիններ։

Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու ընթրիքի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց եռանդը չեն զլացած միութեան բազմակողմանի գործունէութենէն։ Ներկաներն ալ զօրակցութիւն յայտնեցին միութեան նորընտիր վարչութեան, որուն գլուխը մնալ կը շարունակէ Սեւան Աթաօղլու։ Ընթրիքի մասնակիցները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ունեցան հաճելի ժամանց։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023