ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ անմոռանալի վարպետ հոգելոյս Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած միջլիսէական լուսանկարչական մրցոյթը։ Իսթանպուլին ձօնուած այս ծրագրին մասնակցութիւն կը բերեն քաղաքիս այն լիսէները, որոնք ունին 100 տարուան վաղեմութիւն։ Կազմակերպչական կարգ մը անակնկալ հարցերու բերումով թէեւ այս տարի մասնակցութիւնը յարաբերաբար աւելի սահմանափակ էր, սակայն, այդ բոլորով հանդերձ մրցոյթը ունեցաւ՝ զանազան լիսէներէ երեք տասնեակ մասնակից։ Դատակազմին մաս կազմեցին Տայք Տանձիկ, Գրիգոր Սահակօղլու, Մանուէլ Չըթաք, Ռեֆիք Աքեիւզ, Սեչքին Թերճան, Սիլվա Պինկազ եւ Եաշար Սարաճօղլու, որոնք արժեւորեցին մրցոյթին ներկայացուած՝ թիւով 74 դրուագները։

Երէկ, Կեդրոնական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, մրցոյթի մասնակից լիսէականներն ու անոնց վարժարաններէն ներկայացուցիչներ, նաեւ հիւրեր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սիլվա Գույումճեան, որ բարձր գնահատեց այս ծրագրի կեանքի կոչման պարագային դեր ստանձնած բոլոր դէմքերը։ Հաւաքոյթի ընթացքին Արթուն Արծիւեան եւ Սեսիլ Շիրինկիլ հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով։ Ներկաները առիթն ունեցան ծանօթանալու մրցոյթի բոլոր լուսանկարներուն, որոնք ներկայացուած էին ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ։

Այս տարուան դափնեկիրները հանդիսացան՝ Էսաեան վարժարանէն Լոռին Քափ (առաջին), Կեդրոնական վարժարանէն Արթուն Արծիւեան (երկրորդ) եւ նոյնպէս Կեդրոնականէն Արտա Արատ Եթերօղլու (երրորդ)։ Դատակազմը մանսիոնի արժանի դասեց՝ Ժանին Սիւմէրը (Կեդրոնական), Լոռի Թաքըճըն (Էսաեան) եւ Լոռին Լիզա Սերգիզեանը (Էսաեան)։

Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին հիւրերուն համար սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ պատրաստուած էր՝ Լետա Չիֆթճեանի գլխաւորած վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023