«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵՆԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է՝ ֆրանսերէն բնագիրէ թարգմանուած «Վարդօ» գիրքի հայերէն եւ թրքերէն տարբերակները։ Գործի հեղինակներն են՝ Կորիւն Ափրիկեան, Ստեփան Թորոսեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան։ Սա կը վերաբերի երկու պատանիներու ոդիսականին 1915-ի սեւ օրերուն։ Ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրուածը, ըստ էութեան, գծանկարներու գիրք մըն է, որուն վրայ աւելցուած է հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բաժին մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ հրատարակուած է այս գործը։ Երկը պատրաստուած է Լորան Մելիքեանի նեցուկով։

Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը կատարուած է Թովմաս Թէրզեանի կողմէ։ Հայերէն տարբերակը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ֆրանսերէնէ թրքերէն թարգմանութիւնը կատարած է Հանտէ Թոփալօղլու Հարթման։ Թրքերէն տարբերակը հրատարակութեան պատրաստած է Ռոպէր Քոփթաշ։ Երկու տարբերակներու էջադրութիւնն ալ կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Վստահաբար գրասէրներու կողմէ հետաքրքրութեան արժանանան այս գիրքերը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019