ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ վրայ, ուր տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին հոգեւոր հայրերը եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Պատուոյ սեղանին շուրջ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։
Յայտագրի տեւողութեան մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան Պէզճեան Մայր վարժարանի ներկայ կացութեան եւ պիւտճէի բացին շուրջ։ Աշակերտներու ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու։ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով եզրափակուեցաւ հաւաքոյթը։ Յայտարարուեցաւ, որ հանգանակութեան արդիւնքով արդէն հաւասարակշռուած է դպրոցի այս տարուան պիւտճէն։
Թրքահայ կեանք
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025