ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը այս տարի 28 հոկտեմբերին կը նախատեսէ կազմակերպել Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը։ Մատաղօրհնութեան պատրաստութիւնները արդէն ընթացքի մէջ են եւ այս շրջանակէն ներս երէկ երեկոյեան Ղալաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Կեդրոնականի ի նպաստ սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը այս տարի եւս կը գլխաւորէ վարժարանի երէց սաներէն, համայնքային յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան։ Արդէն անընդմէջ 15-րդ անգամ ան կ՚իրականացնէ այս առաքելութիւնը։

Երէկուան ժողովին մասնակցեցան խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան, խնամակալութեան նախկին ատենապետներէն Մկրտիչ Արծիւեան, որոնք ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին ցարդ կատարուած աշխատանքները եւ նախանշեցին այն քայլերը, որոնց պիտի հետեւին մինչեւ հանգանակութեան օրը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021