ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԱՅՈՒՆ ՀՈՒՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀԷ ՏԱՏԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ԸՆԹԱՑՔԸ

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ յարակից Տատեան վարժարանին համար տեղի պիտի ունենայ նուիրահաւաք։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճըն եւ Նաիլ Թոփլայըճըն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պաքըրգիւղի ընտանիքի այժմու ընդհանուր երթին եւ Տատեան վարժարանի կացութեան շուրջ։

Հիւրերը առաջին հերթին տեղեկացուցին, որ վերջերս դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնին կոչուած է Ալէն Պիւյիւքէր։ Տատեանը այս տարի ունի 375 աշակերտ եւ համաճարակով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ՝ կրթադաստիարակչական ընթացքը անխափան կը շարունակուի դպրոցէն ներս։

Թաղականները յայտնեցին, որ այս տարի շուրջ 300 հազար լիրայի բաց մը ունի վարժարանի պիւտճէն։ Իրականութեան մէջ, Պաքըրգիւղ ինքնաբաւ թաղ մըն է եւ ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր հայահոծ շրջանի ներուժը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կ՚օգտագործէ դպրոցը կայուն եւ ինքնաբաւ պահելու համար։ Սակայն, վերջին շրջանին, այս առումով դժուարութիւններ յառաջացած են՝ մանաւանդ համավարակով պայմանաւորուած վերջին անելը, որու վրայ եկած են բարդուիլ տնտեսական յայտնի դժուարութիւնները։ Այս համայնապատկերին վրայ առաւել դժուարացած է նաեւ մեր համայնքի անհատներու գնունակութիւնը։ Մարդոց եկամուտները նուազած են եւ տարրական կարիքներու դիմագրաւումը յարաբերաբար շատ աւելի դժուար դարձած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անխուսափելիօրէն կը կաղան աշակերտներու ծնողներուն կողմէ Տատեան վարժարանին համար կատարուած կամաւոր նուիրատուութիւնները։ Մարդիկ որքան որ ալ փափաքին՝ անցեալի նման մակարդակի վրայ աջակցելու հնարաւորութիւն չեն ունենար դպրոցին, ուր ուսում կը ջամբուի իրենց զաւակներուն։

Մարի Եանճը եւ Նաիլ Թոփլայըճը երէկուան զրոյցի ընթացքին դիտել տուին, որ այս պարտադրանքներու մթնոլորտին մէջ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը կը դիմէ համայնքային շրջանակներուն՝ զօրակցութիւն ապահովելու համար Տատեան վարժարանին ի նպաստ։

Միւս կողմէ, տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը այցելեց Պատրիարքարան, ուր ստացաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներէն տեղեկութիւններ քաղեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի կացութեան մասին եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Շաբաթավերջի կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններն ալ տեղի պիտի ունենան Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021