ԹՈՓԳԱԲՈՒԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն չորս ներկայացուցիչ. յանձին՝ Նուարդ Պարընի, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի, Եւգինէ Վանլըօղլուի եւ Նուրհան Սուճուեանի։ Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Թոփգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչները մանրամասն բացատրութիւններ տուին թաղէն ներս տարուած աշխատանքին ու մանաւանդ դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Թաղականները ընդգծեցին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը շարունակէ իր դռները լայն բանալ մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներուն համար։ Անոնց հայեցի դաստիարակութիւն մը ջամբելու ճանապարհին յանձն կ՚առնուին մեծ զոհողութիւններ։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս առաքելութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը կատարէ՝ շնորհիւ մեր համայնքի զօրակցութեան։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկուան զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ այս տարի եւս կ՚ապաւինին մեր համայնքի աջակցութեան՝ դպրոցի գործունէութիւնը կայուն փուլի մը մէջ յառաջ տանելու նպատակով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք թոփգաբուցիներուն։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019