ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը տեղեկութիւններ հրապարակեց շաբաթավերջին՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան արդիւնքներուն շուրջ։ Քորոնաժահրի սահմանափակումներուն հետեւանքով ո՛չ միայն սիրոյ սեղան չէր սարքուած, այլեւ՝ առհասարակ նաեւ որեւէ կրօնական արարողութիւն տեղի չէր ունեցած Թոփգաբուի պարագային։ Առկայ պարտադրանքներու պայմաններուն ներքեւ Թոփգաբուի ընտանիքը փորձեց համայնքային շրջանակները շարժման անցընել ընկերային ցանցերու եւ մամլոյ միջոցաւ։

Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ուրախութիւն յայտնեց, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը հերթական անգամ առարկայ դարձած է պոլսահայութեան զօրակցութեան։ Թէեւ հանգանակութեան արդիւնքը բաւարար չէ եղած վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար, սակայն անցեալ տարիներու բաղդատմամբ բարձրացած է ժողովուրդին կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն քանակութիւնը։ Անհատներու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան բարձրացումը բարոյական մեծ խրախոյս մը եղած է Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ տակաւին մեր ունեւոր հաստատութիւններու կողմէ ակնկալուած օժանդակութիւններն ալ պիտի աւելնան Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար ցարդ կատարուած հանգանակութիւններուն վրայ։ Ուստի, նոյնիսկ առկայ դժուարին իրավիճակին մէջ յոռետես հաւանականութիւնները չեն իրականացած այս դպրոցի պարագային, որ յատուկ առաքելութիւն մը ունի պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։

Ի լրումն այս բոլորին, թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդած են, որ դպրոցի ի նպաստ նուիրահաւաքման արշաւը կը շարունակուի՝ նախապէս մամլոյ միջոցաւ հրապարակուած դրամատան հաշիւներու միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020