ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «HAY MENTEE-MENTOR» ԾՐԱԳՐԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագիրի պատասխանատուները, որոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ծրագրի նոր շրջանի գործունէութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը խորհրդատուներուն եւ ծրագրի պատասխանատուներուն թելադրեց հետեւիլ մարդկային գիտութեանց եւ ուսուցչութեան ասպարէզին։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Ո՛ր գործն ալ նախընտրէք, կարեւորութիւն տուէք հաղորդակցութեան եւ լեզուի։ Մի՛ անտեսէք հայերէնը։ Մի՛ մոռնաք, մեր մայրենին է ան եւ պէտք է գործածենք։ Անոր միջոցաւ եւս կրնաք գործ գտնել»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդներուն ու գնահատեց անոնց գործունէութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ զօրավիգ կը կանգնի իր զաւակներուն։ Հուսկ, հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացան օրհնուած նուռեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024