ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այսօր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան տարեդարձն է։ Իր արդէն չորրորդ տարին է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան նախորդած՝ ալեկոծումերով, ցնցումերով ու տագնապներով բնորոշուած աւելի քան տասն տարիներու ժամանակաշրջանէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահ բարձրացած էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս համատարած ուրախութեան մթնոլորտով։

Նորին Ամենապատուութիւնը՝ որպէս նուիրապետական աթոռի գահակալ, չորս տարիէ ի վեր կ՚աշխատի եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ՝ պոլսահայ համայնքի ընթացքը առողջ հունի մը մէջ դնելու համար։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան տեսակէտէ բազում մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած ժամանակաշրջան մը կը համարուին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ գահուն վրայ բոլորուած տարիները։ Անշուշտ, ապագային, պատմական յետահայեացը այս տարիները պիտի սահմանեն՝ որպէս իր գահակալութեան շրջանի առաջին քայլափոխը, սակայն այսօր բոլորը կրնան վկայել, թէ առաջին հայեացքով կարճ թուացեալ այդ ժամանակաշրջանը եղած է գերծանրաբեռնուած ու լիուլի յագեցած։ Անտարակոյս, գործունէութեան ընդհանուր արժեւորումը պէտք է թողուլ պատմութեան՝ մանաւանդ, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ փակուղիին պայմաններով դժուար թէ կարելի ըլլայ որեւէ բանի համար առարկայական գնահատական մը տալ։ Արդէն միայն այս հանգամանքը բաւարար է պատկերացնելու համար, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը ինչպիսի պայմաններու ներքեւ կը գահակալէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն կը շնորհաւորենք գահակալութեան չորրորդ տարեդարձին առթիւ ու կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ կարողութիւն։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024