ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ սա պիտի ըլլայ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը՝ պատրիարքի կարգավիճակով։ Ան յայտնեց, որ ինք փափաքած է, թէ իր առաջին այցելութիւնը տայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամսավերջին՝ 28 փետրուարին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ճանապարհ դուրս պիտի գայ դէպի Մայր Աթոռ։ Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները ընդհատուած են՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վրաստանի վրայով պիտի մեկնի Հայաստան։ Այսինքն, Նորին Ամենապատուութիւնը օդային ճամբով պիտի մեկնի Թիֆլիզ, ուրկէ ալ պիտի անցնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կարգադրած է, որպէսզի Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ընկերակիցները դիմաւորուին Թիֆլիզի մէջ իսկ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովներուն, որոնք պիտի գումարուին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Աւելի քան տասնամեակ մը վերջ Պոլսոյ Աթոռը գահակալի մակարդակով մասնակցութիւն պիտի բերէ ԳՀԽ-ի ժողովներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ պատրիարքը ի պաշտօնէ ԳՀԽ-ի ատենապետն է։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ մեր հոգեւորականաց դասէն ընկերակիցներ պիտի գտնուին իր պատուիրակութեան մէջ։ Աշխարհականներու մասնակցութեան պարագան տակաւին չէ յստակեցած, թէեւ չի բացառուիր։

Երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան ընտրուելէ վերջ երբ առաջին անգամ այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, իրեն ընկերակցած էր համայնքէն աշխարհականներու բազմանդամ խումբ մը եւ ան հիւրընկալուած էր նաեւ Հայաստանի պետական աւագանիին կողմէ։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ այս բոլոր մանրամասնութիւնները աստիճանաբար պիտի յստակենան մինչեւ իր այցելութեան թուականը։ Աշխարհականներու մեծ խումբով մը Հայաստան երթալու տեսակէտէ ներկայ եղանակը անբարենպաստ գործօն մը կը համարուի։ Յամենայնդէպս, տակաւին ամէն ինչ յստակեցած չէ։ Պետական աւագանիի հետ շփումներու պարագային ալ քննարկումները ընթացքի մէջ են։

Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերջ կը նախատեսէ այցելել նաեւ Երուսաղէմ։ Այդ ուղեւորութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի զուգադիպի՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Քաղաքի Ս. Զատկուան տաղաւարի տօնակատարութիւններու շրջանին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020