ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի մէջ։ Դպրոցին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը համախմբեց բազմաթիւ համակիր տիկիններ, որոնք հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ։ Պաքըրգիւղի «Ռամատա» պանդոկի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ծնողաց միութեան անդամուհիները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւաքոյթին մասնակիցները։ Ամառնամուտի ներկայ շրջանին այս հանդիսութեան ժամանակ ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018