BBC-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ՝ 110-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը կը շարունակէ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին խմբագրատունս այցելեցին BBC-ի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին անգլիական աշխարհատարած այս լրատուութեան ցանցի համացանցային կայքէջի Իսթանպուլի աշխատակիցներէն Տիլայ Եալչըն եւ Փընար Սեւինչլիտիր։

BBC-ի ներկայացուցիչները երկարատեւ հարցազրոյց մը ըրին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Անոնք խմբագրատունէս ներս կատարեցին շրջայց մը եւ իրագործեցին տեսագրութիւններ։ Անգլիական լրասփիւռի աշխատակիցները շօշափեցին նաեւ մեր աշխատակազմի կրտսերագոյն անդամուհի Պիանքա Սարըասլանի տեսակէտները։

Այս բովանդակալից զրոյցներուն առընթեր, BBC-ի ներկայացուցիչները տեսագրութիւններ կատարեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տպարանին մէջ։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը տեղեկացուցին, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերաբերեալ նիւթը BBC-ի կայքէջին վրայ տեղ պիտի գտնէ մինչեւ ամսավերջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018