«ՄԱՐԱԼ»Ի ՀՐԱՊՈՅՐԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան փայլուն երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի հսկողութեան ներքեւ համոյթը հերթական անգամ գերազանց յաջողութեամբ գործադրեց ծրագիրը՝ արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութիւններու։ «Մարալ»ի այս անգամուան ձեռնարկը ունէր նաեւ բացառիկ երեսակ մը՝ քանի համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազն ալ կը մասնակցէր յայտագրին։ Ան իր քաղցր ձայնով իսկապէս խոր տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսներուն վրայ, որոնք մեծ ջերմութեամբ ողջունեցին զինքը։ Յայտագրի ամբողջին մէջ ուշագրաւ էին նաեւ համոյթի խորհրդանշական դէմքերէն Սարեմ Շէշէթեանի մենապարերը։ Այսպէսով համավարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած երկար ընդհատումէ մը վերջ «Մարալ» ներկայացաւ գեղարուեստասէրներուն եւ մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս նոր աշխուժութեան մը խապրիկը բերաւ։

Երեկոյթի ներկաներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք լեցուցած էին սրահը։

Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանն ալ ողջոյնի խօսքով մը դիմեց ներկաներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022